ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՍԵՐՊ ԵՐԱԺԻՇՏ ԷՄԻՐ ՔՈՒՍԹՈՒՐԻՑԱ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Աշ­խար­հահռ­չակ սերպ ե­րա­ժիշտ Է­միր Քուս­թու­րի­ցա ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Է­միր Քուս­թու­րի­ցա եւ «The No Smoking Orchestra» ժո­ղովր­դա­կան-ռաք խում­բը հայ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցան «Կա­րէն Տէ­միր­ճեան» մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րի եր­դի­քին տակ։ Է­միր Քուս­թու­րի­ցա, որ ե­րա­ժիշտ ըլ­լա­լու ա­ռըն­թեր նոյն­պէս աշ­խար­հահռ­չակ շար­ժան­կա­րի գոր­ծիչ մըն է, բե­մադ­րիչ, այս հա­մեր­գին կա­պակ­ցու­թեամբ մամ­լոյ ա­սու­լիս մըն ալ սար­քեց Ե­րե­ւա­նի մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, լրագ­րող­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ան շեշ­տեց, թէ Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն, բա­ւա­րա­րու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ ի­րեն։

«Մեց­ցօ փրո­տաք­շըն»ի կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած հա­մեր­գէն ա­ռաջ Է­միր Քուս­թու­րի­ցա եւ ա­րուես­տա­գէտ ըն­կեր­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րը, ուր ի­րենց խո­նար­հու­մը բե­րին հա­յոց նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։ Իսկ Ա­մա­նո­րի վե­րա­բե­րեալ իր ցան­կու­թիւն­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լով՝ յայտ­նի ա­րուես­տա­գէ­տը ը­սաւ. «Սան­թա­յէն կը խնդրեմ գերբ­նա­կան ուժ մը՝ աշ­խար­հը պատ­ե­րազ­մէն հե­ռու պա­հե­լու հա­մար»։

Միւս կող­մէ, Է­միր Քուս­թու­րի­ցա ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015