ԼԵԶՈՒԻ ՀԱՄԱՐ ԱՀԱԶԱՆԳ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րով ամ­փո­փեց 2015 թուա­կա­նը։ Այս առ­թիւ ան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նեց Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան գե­րա­կայ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ծա­ւա­լուած աշ­խա­տան­քը։ Ըստ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի, 2015 թուա­կա­նը հան­դի­սա­ցաւ շատ լա­րուած, ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով լե­ցուն տա­րի մը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ան յատ­կա­պէս կանգ ա­ռաւ ան­ցեալ տա­րուան տե­ւո­ղու­թեան ի­րա­կա­նա­ցուած տաս­նե­րեք գի­տա­կան հա­մա­ժո­ղով­նե­րուն, կլոր սե­ղան­նե­րուն եւ քննար­կում­նե­րուն վրայ։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած սու­րիա­հա­յոց առ­կայ խնդիր­նե­րուն։ Խօ­սե­լով սու­րիա­հա­յոց հա­մարկ­ման վե­րա­բե­րեալ ծրագ­րե­րուն շուրջ՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան մատ­նան­շեց, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ սու­րիա­հա­յոց հար­ցե­րուն հա­մար ստեղ­ծուած է Միջ­նա­խա­րա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղով մը։ Այս յանձ­նա­ժո­ղո­վին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը հա­մա­կար­գուի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան շեշ­տեց, թէ ի­րենց խնդիրն է սու­րիա­հա­յոց ա­րագ հա­մար­կու­մը, ո­րով­հե­տեւ ի­րենց տու­նէն եւ աշ­խա­տան­քէն զրկուած մար­դիկ հո­գե­պէս ու բա­րո­յա­պէս ճնշուած են, ու­նին կեն­ցա­ղա­յին խնդիր­ներ, մշա­կու­թա­յին, հո­գե­բա­նա­կան կամ խառ­նուած­քի տար­բե­րու­թիւն­ներ։ «Մեր խնդիրն է ա­նոնց նկատ­մամբ հո­գա­տար վե­րա­բեր­մունք ցու­ցա­բե­րե­լը», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։

Հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով Սու­րիա­հա­յոց հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող եւ «Հա­լէպ» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հետ՝ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը փոր­ձէ լու­ծել սու­րիա­հա­յոց ըն­կե­րա­յին, կրթա­կան, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան, ի­րա­ւա­կան եւ այլ բնոյ­թով հար­ցե­րը, նե­րա­ռեալ կե­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մը։

Մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան յատ­կա­պէս կանգ ա­ռաւ հա­յոց լե­զուի պահ­պան­ման հար­ցին վրայ։ Ար­դա­րեւ, այ­սօր սփիւռ­քեան բազ­մա­թիւ հա­մայնք­նե­րուն մօտ հա­յե­րէ­նը կը զի­ջէ դիր­քե­րը, ու­ծաց­ման լուրջ վտանգ ստեղ­ծուած է։ Նա­խա­րա­րը պա­տա­հա­կան չհա­մա­րեց, որ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կող­մէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը դա­սուած է վտան­գուած լե­զու­նե­րու շար­քին։ Այս ի­րո­ղու­թեան լոյ­սին տակ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հա­մա­հայ­կա­կան զա­նա­զան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի՝ ի­րա­կա­նաց­նե­լով բազ­մաբ­նոյթ ծրագ­րեր եւ ձեռ­նարկ­ներ, ո­րոնք կը նպաս­տեն հա­յա­պահ­պան­ման։

 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015