ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան տօ­նե­րուն առ­թիւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ սար­քուած ա­ւան­դա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն փո­խան­ցեց շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ան ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը, ո­րու ժա­մա­նակ շեշ­տեց, թէ 2015 թուա­կա­նը բուռն եւ ծան­րա­բեռ­նուած էր աշ­խա­տան­քի ա­ռու­մով։ Ան­ցեալ տա­րին իւ­րա­յա­տուկ եւ շրջա­դար­ձա­յին էր Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Սերժ Սարգ­սեան լրագ­րող­նե­րուն շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու ըն­թաց­քին ներդ­րուած ջան­քե­րուն եւ կա­տա­րուած մե­ծա­ծա­ւալ աշ­խա­տան­քին հա­մար։ «Դուք եւ ար­տերկ­րի ձեր գոր­ծըն­կեր­նե­րը ար­հես­տա­վարժ աշ­խա­տան­քի շնոր­հիւ կա­րո­ղա­ցաք մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հա­մար ա­ռա­ւել տե­սա­նե­լի դարձ­նել Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի յանձ­նա­ռու­թիւ­նը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման, ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կուած ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­կանգն­ման եւ պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան հաս­տատ­ման գոր­ծին մէջ։ Ցոյց տուիք մեր պայ­քա­րի հա­մա­մարդ­կա­յին բնոյ­թը», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ան խօ­սե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­րա­քուէին եւ Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Այս ուղ­ղու­թեամբ լրագ­րող­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած բա­րե­խիղճ եւ աշ­խոյժ աշ­խա­տան­քին հա­մար եւս Սերժ Սարգ­սեան ար­տա­յայ­տեց իր ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րը։ Ան շա­րու­նա­կեց.

«Ձեզ­մէ շա­տեր տա­րուան ըն­թաց­քին ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նե­լու ժա­մա­նակ եր­բեմն դէմ յան­դի­ման մնա­ցած են դժուա­րու­թիւն­նե­րու եւ զա­նոնք յաղ­թա­հա­րած պա­տուով։ Ա­ռան­ձին դրուա­գի մը մէջ, ան­շուշտ, գործ ու­նե­ցած ենք նաեւ այն ի­րո­ղու­թեան հետ, որ չի տե­ղա­ւո­րուիր լրագ­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­զա­տու­թեան այն պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն մէջ, ո­րոնց վե­րա­բե­րեալ մեր  հա­սա­րա­կու­թեան եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ վա­ղուց ար­դէն կայ կա­տա­րեալ քոն­սեն­սիւս մը։ Գո­հա­ցու­ցիչ է, որ տուեալ պա­րա­գա­յին ար­ձա­գանգն ալ հա­մա­հունչ էր բո­լո­րին կող­մէ։ Իսկ ընդ­հա­նուր առ­մամբ, այ­սօր մենք հաս­տա­տա­պէս կրնանք ար­ձա­նագ­րել, որ լրագ­րա­կան ա­զա­տու­թիւն­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ շատ մօտ են ժա­մա­նա­կա­կից յա­ռա­ջա­դէմ պա­հանջ­նե­րուն եւ սա հա­մա­տեղ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի ար­դիւնք է եւ մեծ ձեռք­բե­րում։ Մենք, ի հար­կէ, կրնանք տար­բեր կար­ծիք­ներ ու­նե­նալ այ­սօ­րուան մեր լրագ­րու­թեան բո­վան­դա­կու­թեան, խո­րու­թեան, ա­նա­չա­ռու­թեան մա­սին, կրնանք հա­մա­ձայ­նու­թեան գալ կամ չգալ կա­րե­լիի եւ ան­թոյ­լատ­րե­լիի սահ­ման­նե­րուն մա­սին, կրնանք մեր­ժել ո­րե­ւէ սահ­մա­նի գո­յու­թիւն ընդ­հան­րա­պէս։ Կան, չէ՞, նաեւ մար­դիկ, ո­րոնք այս­պէս կը կար­ծեն, բայց սա ար­դէն քննարկ­ման այլ նիւթ մըն է։ Նիւ­թի մը շուրջ սա­կայն չենք կրնար հա­մա­կար­ծիք չըլ­լալ. ա­զատ մա­մու­լը ար­ժէք է եւ մենք այդ հար­ցին մէջ ճիշդ ճա­նա­պար­հի վրայ ենք»։­

Ա­ւե­լի վերջ Սերժ Սարգ­սեան շեշ­տեց, որ 2016 թուա­կան մուտք կը գոր­ծեն մեծ յոյ­սե­րով եւ ծրագ­րե­րով։ «Միա­ժա­մա­նակ բո­լորս ալ կը գի­տակ­ցինք, որ մեր խնդիր­նե­րը տա­կա­ւին լու­ծուած չեն եւ շատ ը­նե­լիք­ներ ու­նինք, որ­պէս­զի մեր եր­կի­րը դարձ­նենք մեր ե­րա­զա­ծին նման։ Մեր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը կը յու­շէ, որ այդ նպա­տա­կին կա­րե­լի է հաս­նիլ միայն հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քով, որ­մէ ան­մասն պէտք չէ մնան լրագ­րա­կան հա­մայնքն ու լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը։

«Ան­գամ մը եւս կը շնոր­հա­ւո­րեմ ձե­զ Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան տօ­նե­րուն առ­թիւ։ Կը մաղ­թեմ, որ յա­ջորդ տա­րի եւս ձեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նէք մաս­նա­գի­տա­կան պարտ­քի բարձր զգա­ցու­մով, ըլ­լաք սկզբուն­քա­յին եւ հե­տե­ւո­ղա­կան։ Ձե­զի եւ ձեր ըն­տա­նիք­նե­րուն կը մաղ­թենք եր­ջան­կու­թիւն, իսկ ձեր ձեռ­նարկ­նե­րուն յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ Շնոր­հա­ւոր Նոր տա­րի եւ Ս. Ծնունդ», եզ­րա­փա­կեց Սերժ Սարգ­սեան իր խօս­քը։  

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015