18-ԱՄԵԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի։ Նա­խոր­դող քա­նի մը օ­րե­րուն ապ­րուած յա­րա­բե­րա­կան հան­դար­տու­թե­նէն վերջ ե­րէկ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը դար­ձեալ սաստ­կա­ցու­ցին ի­րենց յար­ձա­կում­նե­րը։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թեան հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցաւ 18-ա­մեայ հայ զի­նուոր մը։ Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հիւ­սի­սա­յին ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յուած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դի­պու­կա­հար­նե­րուն բա­ցած կրա­կին թի­րա­խը դար­ձաւ Կա­րէն Ա­քու­լեան (1997թ.)։­

Այս դէպ­քէն ան­մի­ջա­պէս վերջ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան։ Ան յայտ­նեց, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի այս սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ան­հե­տե­ւանք պի­տի չմնայ։ «Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ շփման գծին վրայ զի­նեալ դի­մա­կա­յու­թեան խո­րաց­ման եւ ի­րա­վի­ճա­կի ա­պա­կա­յունց­ման մի­տուած հեր­թա­կան քայ­լը կրկին ան­գամ կը փաս­տէ այդ պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի խնդրի կար­գա­ւոր­ման հար­ցին շուրջ ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան մօ­տեց­ման, միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան յոր­դոր­նե­րու ան­տես­ման եւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի չա­փա­նիշ­նե­րու ոտ­նա­հար­ման մա­սին», ը­սաւ Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը խստա­գոյնս կը դա­տա­պար­տէ Ատր­պէյ­ճա­նի հեր­թա­կան սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը եւ խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւն կը յայտ­նէ Կա­րէն Ա­քու­լեա­նի հա­րա­զատ­նե­րուն՝ բաժ­նե­լով կորս­տեան ծանր վիշ­տը։

Բաց աս­տի, Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան հեր­քեց նաեւ Պա­քուի աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ տա­րա­ծուած պնդում­նե­րը, ըստ ո­րոնց Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը խո­ցած են հայ­կա­կան ա­նօ­դա­չու թռչող սարք մը։ Բան­բե­րին բնո­րոշ­մամբ, այս լու­րը Ատր­պէյ­ճա­նի ե­րե­ւա­կա­յու­թեան ար­դիւնքն է եւ չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ի­րա­կա­նու­թեան։

Միւս կող­մէ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան յայ­տա­րա­րեց, որ Պա­քուի կող­մէ որ­դեգ­րուած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը բա­ցա­յայտ մար­տահ­րա­ւէր մըն է մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ, Կա­րէն Միր­զո­յեան Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­լով ամ­փո­փեց 2015 թուա­կա­նը։ Դի­ւա­նա­գի­տա­կան գետ­նի վրայ ան­ցեալ տա­րուան տե­ւո­ղու­թեան Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ ծա­ւա­լուած աշ­խա­տան­քը գնա­հա­տե­լով՝ Կա­րէն Միր­զո­յեան մատ­նան­շեց, թէ մաս­նա­ւոր կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն տե­ղե­կա­տուա­կան ո­լոր­տէ ներս ի­րա­կա­նա­ցուող աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, հե­տե­ւո­ղա­կան ջան­քեր կը գոր­ծադ­րուին Ար­ցա­խի մա­սին ա­ռար­կա­յա­կան եւ հա­ւաս­տի տե­ղե­կա­տուու­թիւն տա­րա­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ Կա­րէն Միր­զո­յեան ընդգ­ծեց, որ 2016 թուա­կա­նին եւս Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու շար­քին պի­տի ըլ­լան՝ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւո­րու­մը եւ Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը։

Անդ­րա­դառ­նա­լով խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին՝ Կա­րէն Միր­զո­յեան նշեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը բա­ցա­յայտ ար­հա­մար­հանք է ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ջան­քե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր՝ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան։ Այս ամ­բող­ջին մէջ նա­խա­րա­րը կա­րե­ւո­րեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու շփման գծին բա­խում­նե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան ան­յա­պաղ մշա­կումն ու ի­րա­գոր­ծու­մը, ինչ որ թոյլ պի­տի տայ բա­ցա­յայ­տել հրա­դա­դա­րի դրու­թեան իս­կա­կան խախ­տո­ղը՝ ի դէմս Ատր­պէյ­ճա­նի եւ խու­սա­փիլ հա­կա­մարտ կող­մե­րու ուղ­ղուած ան­հաս­ցէ կո­չե­րէն։

Միր­զո­յեան խօ­սե­ցաւ նաեւ ար­տա­սահ­մա­նեան զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու եւ Ար­ցա­խի հա­մայնք­նե­րու մի­ջեւ ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մի­ջո­ցաւ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ։ Ըստ ի­րեն, ան­ցեալ տա­րի ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շրջա­նակ­նե­րը ոչ միայն ընդ­լայ­նուած են, այլ նաեւ ստա­ցած՝ նոր ձեւ ու բո­վան­դա­կու­թիւն։

Ի լրումն այս բո­լո­րին Կա­րէն Միր­զո­յեան ընդգ­ծեց, որ Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին մօտ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուած եւ յա­ռա­ջի­կայ Յու­նուա­րի նստաշր­ջա­նի օ­րա­կար­գին նե­րառ­նուած Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի վե­րա­բե­րեալ եր­կու զե­կոյց­նե­րուն ըն­դու­նուի­լը կրնայ ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծել հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին վրայ։ Միր­զո­յեան յի­շե­ցուց, որ այդ բա­նա­ձե­ւե­րը թէեւ չու­նին պար­տա­դիր բնոյթ, սա­կայն հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս հետզ­հե­տէ վտան­գա­ւոր մա­կար­դա­կի մը հա­սած լա­րուա­ծու­թեան շա­րու­նա­կա­կան բարձ­րաց­ման հա­մայ­նա­պատ­կե­րին վրայ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի դիր­քո­րոշ­ման տե­սա­կէ­տէ նպաս­տա­ւոր տուեալ բա­նա­ձե­ւե­րուն ըն­դու­նուի­լը Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ հա­շուի չառ­նել լա­րուա­ծու­թեան նուա­զեց­ման ուղ­ղեալ ա­ռա­ջարկ­նե­րը եւ ընդ­հա­կա­ռակն՝ Պա­քուի կող­մէ պի­տի ըն­կա­լուի որ­պէս «քարտ-պլանշ»՝ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ու­ժի մի­ջո­ցաւ լու­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015