ԾԱՆՐԱԾԱՆՐ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը սաս­տիկ կո­րուստ­ներ կը պատ­ճա­ռէ Ի­ՇԻՊ-ին («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում)։ Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շըք վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ Էլ Պա­պի մէջ չէ­զո­քա­ցուած Ի­ՇԻՊ-ի ա­հա­բե­կիչ­նե­րու թի­ւը գե­րա­զան­ցած է հա­զա­րի սահ­մա­նը։ Մինչ­դեռ, ըստ տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րուն, ձեր­բա­կա­լեալ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու խոս­տո­վա­նու­թիւն­նե­րը եւ Ի­ՇԻՊ-ի ան­դամ­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած ան­թել խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու լսում­նե­րը բո­լո­րո­վին այլ պատ­կեր մը կը պար­զեն։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, բա­նա­կը շատ ա­ւե­լի մեծ կո­րուստ­ներ պատ­ճա­ռած է ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան։

Մինչ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ, Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին նոր կու­տա­կում­ներ կա­տա­րե­ցին Սու­րիոյ սահ­մա­նին վրայ։ Թէ՛ զի­նուոր­ներ եւ թէ զի­նուո­րա­կան ծանր ինք­նա­շարժ­ներ ա­ռա­քուե­ցան դէ­պի սահ­ման։ Այս շար­քին մէջ կա­յին նաեւ թնդա­նօթ­ներ։

«Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ըն­թաց­քի մէջ է ար­դէն 125 օ­րէ ի վեր։ Ըստ զինուո­րա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն, ան­բա­րեն­պաստ ե­ղա­նա­կին հե­տե­ւան­քով ե­րէկ ընդ­հա­տուե­ցան օ­դա­յին ռմբա­կո­ծում­նե­րը։ Բայց եւ այն­պէս, թնդա­նօթ­նե­րու եւ հա­մա­զար­կա­յին հրթիռ­նե­րու մի­ջո­ցաւ հա­րուած­նե­րը շա­րու­նա­կուե­ցան Ի­ՇԻՊ-ի դիր­քե­րուն դէմ։ Վեր­ջին օ­րե­րուն 140 թի­րախ­ներ ոչն­չա­ցուած են։

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ներ­կա­յիս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը կեդ­րո­նաց­նեն Էլ Պապ քա­ղա­քին վրայ՝ որ­պէս­զի այդ մէ­կը ամ­բող­ջու­թեամբ մաք­րա­գոր­ծուի Ի­ՇԻՊ-էն։ Գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կի միա­ւո­րում­նե­րուն հետ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2016