ՄԵԾ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ
Համայն աշխարհ երէկ ականատես եղաւ մեծ ողբերգութեան մը։ Ռուսական օդանաւ մը անկում ունեցաւ Սոչիի մօտակայքին՝ սուզուելով Սեւ ծովու մէջ մինչեւ 100 մեթր խորութիւն։ Իննսուներկու հոգի զոհ գնաց այս արկածին, որու հետեւանքով այսօր Ռուսաստանի Դաշնակցութեան մէջ հռչակուած է ազգային սուգ։
Օդանաւը կը փոխադրէր Կարմիր բանակի երգչախումբը, որ ամանորեան համերգ մը տալու համար ճամբայ ելած էր դէպի Սուրիա։ Կարմիր բանակի երգչախումբը Սուրիոյ ռուսական ռազմախարիսխէն ներս պիտի ունենար ելոյթ մը։ Մոսկուայէն թռիչք առնելէ վերջ օդանաւը լիցքաւորման համար հանդիպեցաւ Սոչի։ Սոչիի օդակայանէն թռիչք առնելէ անմիջապէս վերջ ան արդէն անկում ունեցաւ։
Մինչ աշխարհ ցաւով կը հետեւի իրադարձութիւններուն, փրկարար աշխատանքներուն կը մասնակցի շուրջ 3500 հոգի։ Սեւ ծովու մէջ որոնման աշխատանքներուն կը մասնակցին չորս նաւ, չորս ուղղաթիռ, օդանաւ մը եւ երկու անօդաչու թռչող սարք։ «Tu-154» տիպի օդանաւի անկման զուգահեռ Ռուսաստանի պատկան մարմինները ձեռնարկած են հետաքննութեան։ Կը հաղորդուի, որ այս դէպքին ահաբեկչութեան մը հետեւանքով պատահած ըլլալը չի համարուիր շատ հաւանական։ Հիմնական վարկածը այն է, որ թեքնիկ խանգարումի մը հետեւանքը եղած է դէպքը։ Բայց եւ այնպէս, չեն բացառուիր նաեւ խափանարարութիւններու վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։ Ար-կածի զոհերու շարքին կը գտնուի ռուս յայտնի հասարակական գործիչ Էլիզապէթ Կլինքա, որ ամբողջ աշխարհին ծանօթ էր իր մարդասիրական գործունէութեամբ։
Միւս կողմէ, համայն աշխարհէն ցաւակցականներ կը հասնին Մոսկուայի ղեկավարութեան։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ցաւակցական մը ուղարկեց Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ շաբաթավերջին վշտակցեցաւ իր ռուս պաշտօնակցին։