ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՍԵՆ ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Սեն Փե­թերս­պուրկ։ Ան կը մաս­նակ­ցի Հա­ւա­քա­կան անվտան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) եւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն, ո­րոնք կը կազ­մա­կեր­պուին Ռու­սաս­տա­նի տան­տի­րու­թեամբ։

Սեն Փե­թերս­պուր­կի ժո­ղով­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան Ռու­սաս­տա­նէ ներս հռչա­կուած սու­գի մթնո­լոր­տին մէջ՝ շա­բա­թա­վեր­ջին պա­տա­հած օ­դա­նա­ւի ար­կա­ծէն վեր­ջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2016