ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կա­թո­ղի­կէ աշ­խար­հի Ս. Ծնուն­դին առ­թիւ շա­բա­թա­վեր­ջին Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան Ա­նա­րատ Յղու­թիւն մատ­րան մէջ տե­ղի ու­նե­ցան փայ­լուն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։ Ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը այս տա­րի եւս հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձան։ Տա­ղա­ւա­րի Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, որ խօ­սե­ցաւ օ­րուան քա­րո­զը։ Ներ­կայ էր նաեւ Մագ. Հայր Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն։ Յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան եւ Պա­րէտ Կսսրկ. Պա­լըք­ճըօղ­լու։ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեանն ալ քա­րո­զեց ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Մխի­թար երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ Լեռ­նա Պա­լօղ­լուի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։

Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ փոք­րիկ­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին Քրիս­տո­սի Ս. Ծնուն­դը։ Բաց աս­տի, Լեռ­նա Պա­լօղ­լուի գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­նոնք եր­գե­ցին տօ­նին բնո­րոշ եր­գեր։ Մա­նուկ­նե­րու խորհր­դա­ւոր կա­տա­րում­նե­րը ե­կան ամ­բող­ջաց­նել հո­գե­ւոր ապ­րում­նե­րը, մինչ ա­նոնք ջեր­մօ­րէն գնա­հա­տուե­ցան նաեւ ե­կե­ղե­ցա­կան հայ­րե­րուն կող­մէ։

Մխի­թա­րեան­ցի ծնող­նե­րը պար­տէ­զին մէջ պատ­րաս­տած էին նաեւ տա­ղա­ւար­ներ, ուր ա­մա­նո­րեան շրջա­նի բնո­րոշ ի­րե­ղէն­ներ դրուած էին հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ։ Այ­ցե­լու­նե­րու շար­քին էին Շիշ­լիի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւլ եւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն։ Պա­տուա­սի­րու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ ներ­կա­նե­րը զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­ցին եւ այս­պէ­սով ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը հա­սան ի­րենց ա­ւար­տին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2016