ՍԹՈՔՀՈԼՄԻ ՄԷՋ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Կազմակերպութեամբ Սթոքհոլմի Կիներու միջազգային ակումբին եւ Հայաստանի դեսպանութեան, վերջերս Սթոքհոլմի Արքայական օփերայի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ ամէնամեայ Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթը, որ այս տարի նուիրուած էր Հայաստանին:

Ձեռնարկին ներկայ էին աւելի քան 150 մասնակիցներ, որոնց շարքին՝ արքայադուստր Մարիա Պեռնատոթ, կին դեսպաններ եւ դիւանագէտներ, ազնուականութեան եւ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ, որոնք ծանօթացան Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթին, համտեսեցին հայկական քաղցրեղէններ եւ գինի, ունկնդրեցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները՝ Շուէտի մէջ բնակող  հայ երաժիշտներէ բաղկացած «Հայկան» եռեակին կատարողութեամբ:

Մասնակիցներուն բաժնուեցաւ Հայաստանի եւ ամանորեան հայկական աւանդոյթներու մասին դեսպանութեան կողմէ պատրաստուած գրքոյկ մը, նաեւ՝ հայկական զարդեր եւ քաղցրեղէններ: 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2017