ՎԱՆԱՁՈՐԻ ԿԵՐՊԱՐՈՒԵՍՏԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԱՇԽՈՅԺ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԾԱՒԱԼԷ
Վանաձորի կերպարուեստի թանգարանը աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ ինչպէս գիտական-ցուցադրական, այնպէս ալ կրթական ոլորտէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Վանաձորի կերպարուեստի թանգարանի տնօրէն Փափակ Ալոյեանի խօսքով՝ իր տնօրէնութեան տասնհինգ տարիներուն ընթացքին 145 ստեղծագործութիւն նուիրաբերուած է թանգարանին:
«Հիմնականին նուիրատուութիւնը կը կատարուի անհատական ցուցահանդէսներու ժամանակ: Թանգարանէն ներս տասնհինգ տարիներու ընթացքին կազմակերպուած են 147 ցուցահանդէս, գիրքի շնորհանդէսներ, անհատական ներկայացումներ, համերգներ, վարպետութեան դասեր եւ այլն: Այստեղ ունինք աշխատող անձեր, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երիտասարդներու մօտ բարձրացնելու համար արուեստի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը», ըսաւ Ալոյեան։
Անոր խօսքով՝ այսօր թանգարանի առաջնային խնդիրը վերանորոգումն է:
«Մենք կարիք ունինք հիմնանորոգումի, եթէ այդ մէկը ըլլայ՝ մնացեալ բոլոր հարցերը լուծելի են, այդ կարգին՝ ջեռուցումը», նշեց Ալոյեան:
Վանաձորի կերպարմոեստի թանգարանի ֆոնտերը կը ներառեն աւելի քան 1700 թանգարանային նմոյշ՝ գեղանկար, կրաֆիք, քանդակ, կիրառական արուեստ:
Թանգարանին մէջ առանձնացուած են յատուկ քանի մը սրահներ, որոնք իրարու տրամաբանական շարունակութիւնն են։ Այդ սրահներուն մէջ կը ցուցադրուին ինչպէս աւագ, այնպէս ալ երիտասարդ ստեղծագործողներու աշխատանքները: