ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԵԸԼՏԸՐԸՄ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՌԻԱՏ

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ վաղը պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս Երուսաղէմի ճգնաժամին վերաբերեալ տեղի ունեցած քուէարկութեան կը յաջորդէ այս այցելութիւնը, որուն քաղաքական մեկնաբանները կը վերագրեն նուրբ նշանակութիւն։

Ռիատի մէջ Պինալի Եըլտըրըմ կը հիւրընկալւի Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորին կողմէ։ Բաց աստի, Եըլտըրըմ կը տեսակցի Սէուտական Արաբիոյ Փոխ-վարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Մուհամմէտ պին Սելման պին Ապտիւլազիզ էլ Սուուտի հետ։

Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Երուսաղէմի վերաբերեալ խնդիրները եւ տարածքաշրջանի իրադարձութիւնները։ Կողմերը կը քննարկեն այն քայլերը, որոնք յառաջիկային կրնան առնուիլ Երուսաղէմի պարագային։ Սուրիոյ ապագան, Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ առկայ լարուածութիւնը ու այս վերջնոյն Եմէնի վրայ անդրադարձը եւս կը շօշափուին բանակցութիւններու ժամանակ։  

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2017