ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՄՕՏ ՇԱՐՔ ՄԸ ԶՐՈՅՑՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Քննարկուեցան նախագահական եւ խորհրդարանական վարչամեքենաներու միջեւ առաւել սերտ համագործակցութեան հաստատման ուղղեալ հարցեր։ Արմէն Սարգսեան տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ նախագահական շարք մը նախաձեռնութիւններու եւ յաջորդ տարի Հայաստանի մէջ նախատեսուած միջազգային կարգ մը խոշոր միջոցառումներու մասին՝ կարեւորելով Ազգային ժողովի աշխոյժ ներգրաւումը։

Բաց աստի, Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպումներ ունեցաւ երկրի հասարակական եւ քաղաքական զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ ներառեալ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Հայաստանի գերագոյն մարմնի պատուիրակութիւնը։

Այդ հանդիպումներուն ընթացքին մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցան քաղաքական եւ տնտեսական խնդիրներու, դատական եւ իրաւական համակարգի բարեփոխումներու, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան բնագաւառի, երկրի Սահմանադրութեան վերաբերեալ խնդիրներու եւ այլ շարք մը հարցերու։ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն հետ ալ Արմէն Սարգսեան քննարկեց արտաքին ու ներքին քաղաքական խնդիրներ, երկրի տնտեսական զարգացումները, դատական եւ իրաւական համակարգի բարեփոխումները։

Մինչ այդ, Արմէն Սարգսեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի հետ։

Թաթոյեանի հետ զրուցելու ընթացքին եւս Արմէն Սարգսեան արծարծեց դատական եւ իրաւական համակարգի բարեփոխումները եւ այլ շարք մը հարցեր։ Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ մարդու իրաւանց պաշտպանութեան բնագաւառին եւ մարդու իրաւանց պաշտպանի հաստատութեան դերակատարութեան։

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան Ամանորի առթիւ նախագահական ապարանքին մէջ հիւրընկալեց սահմանամերձ Տաւուշի մարզի գիւղերէն երեխաներ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2019