ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՈՒՆՈՒԶ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Թունուզ, ուր հիւրընկալուեցաւ նախագահ Քայս Սայիտի կողմէ։ Անգարա այս շրջանին Միջերկրականի պարագային հանդէս կու գայ կարեւոր նախաձեռնութիւններով։ Յունաստանի, Յունական Կիպրոսի եւ Իսրայէլի կողմէ ստեղծուած առանցքին փոխադարձելու եւ արեւելեան Միջերկրականի մէջ իր շահերը երաշխաւորելու առաջադրութեամբ աշխոյժ քաղաքականութեան մը կը հետեւի Թուրքիա։

Միջոց մը առաջ Լիպիոյ հետ ստորագրուած համաձայնագրէն վերջ Թուրքիա այժմ Թունուզի հետ ալ կը ջանայ նոր հարթութեան մը վրայ դնել իր յարաբերութիւնները։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2019