ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացը եւ անով պայմանաւորուած խնդիրները կը շարունակեն հանդիսանալ հրատապ առաջնահերթութիւն։ Այս խնդիրները ճակատագրական օրակարգ մը ստեղծած են հայկական կողմին տեսակէտէ։ Մասնաւորապէս երկրի հարաւի Սիւնիքի մարզի սահմանակից դառնալէն վերջ տեղի կ՚ունենան մտահոգիչ իրադարձութիւններ եւ յաճախ ահազանգ կը հնչէ այդ շրջաններէն։ Առկայ քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ իշխանութիւններու բացատրութիւնները եւ նախաձեռնութիւնները հեռու կը մնան ժողովուրդին վստահութիւն ներշնչելէ։ Սիւնիքի վերաբերեալ խմորումները, կարգադրութիւնները խոշորացոյցի տակ կ՚առնուին բոլոր հարթութիւններու վրայ։

 Այս ամբողջին մէջ վերջին օրերուն իրերայաջորդ զգայացունց յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ Կապանի համայնքապետ Գէորգ Փարսեան։ Այս վերջինը երէկ մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթի մը։ Խորհրդարանէն ներս, Սիւնիքի մարզէն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու ալ մասնակցութեամբ կարեւոր քննարկում մը տեղի ունեցաւ՝ սահմանամերձ շրջաններու մէջ ստեղծուած իրավիճակին, առկայ խնդիրներուն ու անոնց լուծման ուղիներուն, սահմաններու ճշգրտման, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ապահովման հրատապ հիմնահարցերուն վերաբերեալ։

Գէորգ Փարսեան այս ժողովի ընթացքին պատգամաւորներու նկատառման յանձնեց էական հարցեր։ Ան դիտել տուաւ, որ Կապան-Ագարակ գիւղի ճանապարհը ամբողջութեամբ անցած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ Հայաստանի քաղաքացիները դադրած են այդ ճանապարհէն օգտուելու հնարաւորութենէն։ Ըստ Փարսեանի, Սիւնիքի բնակելի հատուածէն 100 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին Ատրպէյճանի զօրքերը։ Կապանի բնակելի հատուածէն 1 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ են անոնք։ Շատ կարեւոր բարձունքներ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ են։ Կապանը եւ այլ բնակավայրեր կը դառնան Ատրպէյճանի համար բացայայտ թիրախ։ Համայնքապետը ընդգծեց, որ լուրջ խնդիր յառաջացած է ճանապարհներու անվտանգութեան տեսակէտէ։ «Ունինք երեք խնդրայարոյց ճանապարհ՝ Կապան-Գորիս, Կապան-Ճակատէն եւ Կապան-Ագարակ գիւղ։ Այսօրուայ դրութեամբ Կապան-Գորիս եւ Կապան-Ճակատէն ճանապարհները կը գործեն, բայց Կապան-Ագարակ գիւղ հատուածը ստիպողաբար այլեւս չենք օգտագործեր։ Այս մասին տակաւին կարգադրութիւն մը չկայ։ Բարեբախտաբար, կայ այլընտրանքային ճանապարհ մը, բայց այդ մէկը ամբողջութեամբ հիմնանորոգման կարիք ունի, երկար է, իսկ ձմեռը գրեթէ անանցելի կը դառնայ», երեսփոխաններու նկատառման յանձնեց Գէորգ Փարսեան եւ յայտնեց, որ ճանապարհներու խնդիրներու բերումով գիւղացիները որոշ առումով շրջափակման մէջ յայտնուած են, ստեղծուած է լարուած իրավիճակ։ Ըստ Փարսեանի, ամէն ինչ պէտք է ընել՝ ապահովելու համար ժողովուրդի անվտանգութիւնը։

Հաւաքոյթի ընթացքին Փարսեան անդրադարձաւ նաեւ պատերազմական օրերու իրադարձութիւններուն։ «Պաշտպանութեան նախարարութեան հրամանատարները, որոնց հետ կապ կը պահէինք, անոնք ալ տեղեակ չէին, որ պէտք է դիրքեր զիջենք։ Զանկելանի եւ Քուպաթլուի շրջաններու մասին համաձայնագրին մէջ այդ տարածքները զիջելու մասին ոչինչ կար», նշեց Փարսեան եւ աւելցուց, որ նախարարութեան կողմէ շատ անսպասելիօրէն դիրքերը թողելու հրաման տրուած է եւ այս պարագան լուրջ խնդիրներ յառաջացուցած՝ իրենց տեսակէտէ։ Խորհրդարանի երդիքին տակ համայնքապետը բուռն քննադատութեամբ արտայայտուեցաւ իշխանութիւններու հասցէին։ «Կառավարութիւնն ու վարչապետը պէտք է հրաժարական տան։ Շատ խնդիրներու լուծումը այդպէս կը տեսնենք», ըսաւ ան։

Գորիսի փոխ-քաղաքապետ Իրինա Եոլեանն ալ ստեղծուած կացութեան շուրջ յայտարարութիւններ ըրաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին։ Այսպէս, Ատրպէյճան ներկայիս կը պահանջէ Որոտանի եւ Շուռնուխի՝ տասնեակ բնակարաններով հատուածներու իրեն յանձնուիլը։ Օրերէ ի վեր վէճ կ՚ընթանայ այս հարցով։ Գիւղապետները որպէս հակափաստարկ կը ներկայացնեն 1970-ական թուականներու շարք մը քարտէսներ՝ նկատի ունենալով, որ Խորհրդային ժամանակաշրջանի սահմաններու վերաբերեալ խօսակցութիւնները յաճախ շրջանառութեան մէջ կը մտնեն։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախկին նախագահներէն Արտակ Դաւթեան «www.168.am»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Հիմա բան մը ըսելը դժուար է։ Ի հարկէ, խնդիր է, որ սահմանները այդքան մօտեցած են՝ մանաւանդ, Կապանի հատուածի պարագային։ Քիչ մը անհասկնալի է, որովհետեւ, ըստ հրադադարի համաձայնութեան, կողմերը պէտք է կանգնէին այն տեղերուն վրայ, ուր կը գտնուէին ստորագրման պահուն։ Իսկ զօրքը բաւական առաջ կանգնած է։ Բայց, չեմ գիտեր, մի գուցէ պայմանաւորուածութիւններ ըլլան կամ այդպէս աւելի յարմար էր։ Կը կարծեմ՝ երկրի ղեկավարութիւնը, Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտը աւելի տեղեկութիւն ունին ու որոշում առած են՝ ստեղծուած իրավիճակին համաձայն։ Ես այդպէս կը կարծեմ։ Անձամբ ինծի համար ցաւալի է, որ այդ յենակէտերուն մեծ մասը կազմակերպեցինք ինքնապաշտպանական ուժերու միջոցաւ, բաւական յարմար բնագծերով, իսկ հիմա այլ պատկեր է»։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020