ՊԱՇԱՐՄԱՆ ՄԷՋ ԱՂԱՂԱԿ

Արցախը կը շարունակէ մնալ պաշարման մէջ եւ շաբաթավերջին շրջափակեալ Արցախէն հերթական անգամ հնչեց համայն աշխարհին ուղղեալ աղաղակը։ Այսպէս, երէկ, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ մեծ հանրահաւաք մը, որուն մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը եւ ժողովուրդը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանի աղօթքով եւ ելոյթով սկսաւ հանրահաւաքը, որու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան ժողովուրդին խօսք ուղղեց շրջափակման առկայ ծանր պայմաններուն ներքեւ։ Ան յայտնեց, որ չեն պատրաստուիր Ատրպէյճանի պահանջներուն ընդառաջ երթալու։ Հանրահաւաքի աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որով շեշտուեցաւ, թէ Արցախը աշխարհին կապող հաղորդակցութիւնը՝ Լաչինի միջանցքին բացումը չի կրնար սակարկութեան նիւթ ըլլալ։

Մինչ այդ, շաբաթավերջին ֆրանսական մամուլին մէջ լոյս տեսան նաեւ Ռուբէն Վարդանեանի յայտարարութիւնները։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ միջազգային լրատուամիջոցներն ու հանրութիւնը, ըստ էութեան, լռութիւն կը պահեն Արցախի մատնուած վիճակին դիմաց։ «Այս անտարբերութիւնը մեզ կը սարսափեցնէ», ըսաւ ան։

ԱՌԱՔՈՒՄ

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ Հայաստանէն 10 թոն մարդասիրական բեռ հնարաւոր եղած է ուղարկել դէպի Արցախ՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջոցաւ։ Բեռնատարը Լաչինի միջանցքով 10 թոն մարդասիրական բեռ Արցախ հասցուցած է։

Բաց աստի, նոյնպէս Կարմիր խաչի կողմէ տրամադրուած փոխադրամիջոցով շաբաթավերջին Լեռնային Ղարաբաղէն դուրս բերուելով Հայաստան փոխադրուած է օտարերկրեայ չորս քաղաքացի։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2022