ԵԽԽՎ-Ի ԲԱՆԱՁԵՒԵՐԷՆ ՄԻՆ ՄԵՐԺՈՒԱԾ

Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի (ԵԽԽՎ) ձմրան նստաշր­ջա­նին շրջագ­ծով ե­րէկ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան եր­կու բա­նա­ձե­ւեր, ո­րոնք ա­ռըն­չու­թիւն ու­նէին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին հետ։ Սթրազ­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած քուէար­կու­թեան ար­դիւն­քին այդ բա­նա­ձե­ւե­րէն մին մեր­ժուե­ցաւ։ Այս մեր­ժուած բա­նա­ձե­ւին հե­ղի­նակն էր անգ­լիա­ցի պատ­գա­մա­ւոր Ռա­պըրթ Ո­ւոլ­թըր։ «Բռնու­թիւն­նե­րու ա­ճը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի միւս գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րուն մէջ» խո­րագ­րեալ զե­կոյ­ցը չըն­դու­նուե­ցաւ եւ­րո­պա­ցի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն կող­մէ։ ԵԽԽՎ-ի մօտ վաթ­սուն պատ­գա­մա­ւոր կողմ քուէար­կեց այդ բա­նա­ձե­ւին, իսկ եօ­թա­նա­սու­նը՝ դէմ։ Հայ­կա­կան կող­մը լուրջ նշա­նա­կու­թիւն կը վե­րագ­րէ այս նա­խագ­ծի մեր­ժուե­լուն նկատ­մամբ։ Վեր­ջին շրջան­նե­րուն ԵԽԽՎ-ի մօտ ի­րե­րա­յա­ջորդ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտած էին ատր­պէյ­ճա­նա­մէտ բա­նա­ձե­ւեր։ Ե­րէկ մեր­ժուա­ծին ա­ռըն­թեր, պոս­նա­ցի պա­տուի­րակ Մի­լի­ցա Մար­քո­վի­չի կող­մէ պատ­րաս­տուած բա­նա­ձեւ մը ար­ժա­նա­ցաւ ԵԽԽՎ-ի հա­ւա­նու­թեան։ «Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րու բնա­կիչ­նե­րը դի­տում­նա­ւոր զրկուած են ջու­րէ» խո­րագ­րեալ զե­կոյ­ցը հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ 98 կողմ եւ 71 դէմ ձայ­նե­րով։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Մար­տա­կեր­տի շրջա­նէն ներս գտնուող Սար­սան­կի ջրամ­բա­րը որ­պէս սպառ­նա­լիք ներ­կա­յա­ցուած է այս նա­խագ­ծին մէջ։ Մար­քո­վիչ, որ չէ այ­ցե­լած Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ, պնդած է՝ որ հայ­կա­կան կող­մը այդ ջրամ­բա­րը որ­պէս զէնք կ՚օգ­տա­գոր­ծէ, կը սպառ­նայ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն ու զա­նոնք կը զրկէ գիւ­ղատն­տե­սու­թեամբ զբա­ղե­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն։ Հարկ է նշել, որ Ստե­փա­նա­կերտ մշտա­պէս ար­տա­յայ­տած է իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ հա­մա­տեղ Սար­սան­կի ջու­րե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նը ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րէ, որ այս եր­կու հա­կա­հայ զե­կոյց­նե­րը պատ­րաս­տուած են բա­ցա­ռա­պէս Ատր­պէյ­ճա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւն­քով։ Յա­մե­նայն­դէպս, թէեւ ե­րէ­կուան բա­նա­ձե­ւե­րէն մին մեր­ժուած է, սա­կայն ԵԽԽՎ-է ներս հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը այդ­քան ալ բա­րեն­պաստ տեսք մը չու­նին հայ­կա­կան կող­մին տե­սա­կէ­տէ։ ԵԽԽՎ-ի նո­րըն­տիր նա­խա­գա­հը ծա­նօթ է որ­պէս բա­ցա­ռա­պէս ատր­պէյ­ճա­նա­մէտ պատ­գա­մա­ւոր մը, մինչ նոր ընտ­րուած փոխ-նա­խա­գահ­նե­րու շար­քին կը գտնուի նաեւ Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թեան ղե­կա­վար Հեր­մի­նէ Նաղ­դա­լեան։

Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան ե­րէկ խոր­հուրդ տուաւ ու­շադ­րու­թիւն չցու­ցա­բե­րել ԵԽԽՎ-ի մօտ Սար­սան­կի ջրամ­բա­րին վե­րա­բե­րեալ ըն­դու­նուած զե­կոյ­ցի սուտ նիւ­թե­րուն։

Հա­յաս­տա­նի մէջ քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­ներ դի­տել կու տան, որ ԵԽԽՎ-ի մօտ ո­րոշ չա­փով չէ­զո­քա­ցուած են այն գոր­ծօն­նե­րը, ո­րոնք վնաս կը հասց­նեն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման։

ՄԱՐ­ԳԱՐ Է­ՍԱ­ՅԵԱ­ՆԻ ԴԻՐ­ՔԸ

Միւս կող­մէ, ԵԽԽՎ-ի ե­րէ­կուան քուէար­կու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սա­յեան, որ մաս կը կազ­մէ ԵԽԽՎ-ի աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նա­կից Թուր­քիոյ պա­տուի­րա­կու­թեան։ Հա­յաս­տա­նի զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րը ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րեն այն հան­գա­ման­քին վրայ, թէ Մար­գար Է­սա­յեան կողմ քուէար­կած է Հա­յաս­տա­նի վե­րա­պա­հու­թեան ա­ռար­կայ վե­րո­յի­շեալ եր­կու բա­նա­ձե­ւե­րուն հա­մար։ Հարկ է նշել, որ այդ բա­նա­ձե­ւե­րը միա­ձայ­նու­թեամբ կը պաշտ­պա­նուէին Թուր­քիոյ պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն կող­մէ։

Ո­ՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸ­ՆԻ ՄԷՋ ՊԱ­ՀԱՆՋ

ԵԽԽՎ-ի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ար­ձա­գանգ գտան նաեւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գոնկ­րէ­սի կարգ մը ան­դամ­ներ պա­հան­ջե­ցին, որ­պէս­զի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի յստակ դիր­քո­րո­շում ար­տա­յայ­տէ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին շուրջ։ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան կարգ մը ան­դամ­նե­րը կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի Քե­րի յստակ դիր­քո­րո­շում մը ցու­ցա­բե­րէ ընդ­դէմ ԵԽԽՎ-ի հա­կա­ղա­րա­բա­ղեան բա­նա­ձե­ւե­րուն։ Գոնկ­րէ­սա­կան­նե­րը պա­հան­ջե­ցին, որ բարձ­րա­գոյն մա­կար­դակ­նե­րու վրայ Քե­րի յստա­կօ­րէն ի ցոյց դնէ այն հան­գա­ման­քը, թէ բա­նա­ձե­ւը միա­կող­մա­նի է, ոչ ճշգրիտ ու կը վնա­սէ հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ու կա­յու­նու­թեան։ Կոչ ուղ­ղուած է նաեւ, որ­պէս­զի ա­մե­րի­կա­ցի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րը ան­մի­ջա­պէս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կէ՝ ցոյց տա­լու հա­մար ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի յա­ռա­ջա­տար դե­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցէն ներս։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016