ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ ԵԿԱՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ
Ռուսաստանի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն շրջագծով օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին երէկ Երեւանի մէջ հիւրընակալեց իր իրանցի պաշտօնակիցը՝ Իպրահիմ Ռահիմփուրը, որու հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը։
Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ ռուս-իրանական բանակցութիւններուն ընթացքին տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումներ տարածքաշրջանային օրակարգի շարք մը հարցերուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայուեցաւ Կեդրոնական Ասիոյ եւ Անդրկովկասի իրավիճակին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման նկատմամբ։ Կողմերը քննարկեցին նաեւ Ուքրայնոյ ճգնաժամի լուծման գծով Մինսքի պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը։
Թեհրանի ղեկավարութիւնը վերջին շրջանին զանազան առիթներով պատգամներ կը փոխանցէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյին Ճապէր Անսար աւելի առաջ յայտարարած էր, թէ Թեհրան պատրաստ է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հանդէս գալ որպէս միջնորդ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ։ Ան նաեւ տեղեկացուցած էր, որ Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւններ կ՚ընթանան՝ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէպի Իրան հաւանական այցելութիւնը նախապատրաստելու համար։ Ըստ բանբերին, այցելութեան մասին յայտարարութիւն մը պիտի ըլլայ այն պարագային, եթէ վերջնական որոշում մը ընդունուի։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովն ալ երէկ խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ Ռուս նախարարը երէկ Մոսկուայի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որով ամփոփեց 2015 թուականը։ Այս առթիւ լրագրող մը Սէրկէյ Լաւրովէն խնդրեց մեկնաբանել լրատուամիջոցներու մօտ շրջանառութեան մէջ գտնուող տեղեկութիւնը, ըստ որու ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առընչութեամբ գոյութիւն ունի փաստաթուղթ մը, որ կը կոչուի «Լաւրովի առաջարկներ»։ Այս կապակցութեամբ Սէրկէյ Լաւրով յայտնեց, թէ կարգաւորման գործընթացէն ներս գոյութիւն չունի Լաւրովի կամ այլ որեւէ մէկուն փաստաթուղթը։ Ռուս նախարարը ըսաւ.
«Կան շարք մը փաստաթուղթեր, չորս, հինգ, գուցէ վեց, հիմա չեմ յիշեր, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ տարուող բանակցութիւններու զանազան փուլերուն պատրաստած էին համանախագահները, երբ խօսք կար այն մասին, թէ պէտք է որպէս առաջին քայլ բանակցութիւններու վերաբերեալ հիմնական սկզբունքներու փաստաթուղթ մը պատրաստուի, իսկ յետոյ արդէն այդ սկզբունքներուն հիման վրայ՝ խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ իրաւական տեսանկիւնէն պարտադրիչ պիտի ըլլար, այլ ոչ թէ քաղաքական բնոյթ պիտի ունենար։ Այդ փաստաթուղթի զանազան տեսակները (իսկ անոնք 2007-2011 թուականներուն ապրած են եղափոխութիւն) համանախագահները յանձնած են ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ անոնք կը գտնուին այդ կազմակերպութեան պահոցին մէջ։ Անոնք միակ թուղթերն են, որոնք կարելի է անուանել փաստաթուղթեր։ Պաշտօնապէս գոյութիւն ունեցող այդ փաստաթուղթերէն որեւէ մէկը չէ ապահոված գործնական լուծում Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման առընչութեամբ։ Աշխատանքները կը տարուին այն սկզբունքով, թէ ոչինչ համաձայնեցուած է, եթէ ամէն ինչ չէ համաձայնեցուած։ Ռուսական կողմը, ինչպէս դուք գիտէք, սկսեալ 2010 թուականէն, երբ նախագահի պաշտօնը կը վարէր Տիմիթրի Մետվետեւ, ջանքեր գործադրած է, որպէսզի գտնէ լուծումը այն խնդիրներուն, որոնց պարագային կողմերը տակաւին չեն համաձայնած։ Եւ սա նպաստած է որոշ յառաջընթացի մը, իսկ յետոյ եղաւ բանական երկար դադար մը, որմէ վերջ 2011 թուականի Յունիսին, Քազանի գագաթաժողովին, հակառակ յոյսերուն, կարելի չեղաւ համաձայնութեան հասնիլ հիմնական սկզբունքներուն շուրջ։ Իսկ աւելի վերջ, երբ Նախագահ Փութին վերընտրուեցաւ, հանդիպեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ եւ երեք նախագահներու յանձնառարութեամբ մենք փորձեցինք ջանքերը ուժեղացնել խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ։ Խնդիրներու լուծման որոնումները այժմ գաղափարներու, բարձրաձայն մտքերու մակարդակին վրայ են։ Ես քանի մը հանդիպում ունեցած եմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իմ պաշտօնակիցներուս հետ եւ մենք այդ բոլորը քննարկած ենք նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի համանախագահներուն հետ։ Որեւէ այլ փաստաթուղթ գոյութիւն չունի, բացի այդ մէկէն, որ ի պահ յանձնուած է ԵԱՀԿ-ին։ Մնացած ամէն ինչը փնտռտուք է, ինչպէս արդէն ըսի՝ միտքեր են»։