Դիլիջանի Միջազգային Դպրոցը՝ Forbes-ի Վարկանիշի Լաւագոյն Հնգեակին ՄԷՋ

UWC Dilijan Մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցը, որ հիմ­նած է գոր­ծա­րար եւ բա­րե­րար Ռու­բէն Վար­դա­նեան, յայտ­նուած է For­bes-ի վար­կա­նի­շի լա­ւա­գոյն հնգեա­կի մէջ: Դպրո­ցը նե­րա­ռուած է ռուս մի­լիա­ռա­տէր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ստեղ­ծուած լա­ւա­գոյն դպրոց­նե­րու վար­կա­նի­շին մէջ, ո­րուն կա­րե­լի է ծա­նօ­թա­նալ Forbes հրա­տա­րա­կու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քին մէջ: Ռու­բէն Վար­դա­նեա­նի հիմ­նած UWC Dilijan դպրո­ցը վար­կա­նի­շին մէջ գրա­ւած է երկ­րորդ տե­ղը:

«2014 թուա­կա­նին Ռու­բէն Վար­դա­նեան իր կնոջ հետ հիմ­նած է Դի­լի­ջա­նի Մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցը: UWC Dilijan դպրոց կը յա­ճա­խեն տա­ղան­դա­ւոր ե­րա­խա­ներ: Ա­նի­կա կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի հա­մա­նուն քա­ղա­քին մէջ եւ կը մտնէ United World Colleges մի­ջազ­գա­յին դպրոց­նե­րու ցան­ցին մէջ: Այս մէ­կը կը նշա­նա­կէ, որ ըն­դու­նե­լու­թեան քննու­թիւն­նե­րէն ետք, ըն­դու­նող յանձ­նա­ժո­ղո­վը կրնայ ա­շա­կեր­տը ու­ղար­կել այլ եր­կիր մը ու­սա­նե­լու, ուր նոյն­պէս կայ ցան­ցի դպրոց: Այ­սօր դպրոց կը յա­ճա­խեն 198 ու­սա­նող­ներ՝ աշ­խար­հի 72 եր­կիր­նե­րէ», կը գրէ Forbes-ը:

Վար­կա­նի­շին մէջ նե­րա­ռուած են նաեւ հա­րուստ բա­րե­րա­նե­րու մի­ջոց­նե­րով ստեղ­ծուած այլ նա­խա­գի­ծեր. Զի­յաու­տին Մա­կո­մե­տո­վի «Փե­րի­մեթր»ը (Տա­ղիս­տան), Վա­տիմ Մոշ­քո­վի­չի «Լե­թո­վօ»ն (Մոս­կուա), Ե­լե­նա Փա­տու­րի­նա­յի «Ա­ռա­ջին մոս­կո­վեան մաս­նա­ւոր կիմ­նա­զիա»ն (Լիփ­քի), «Սի­րիուս»ը (Սո­չի):

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2017