ԽԱԹԱՐԵԼ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի նախկին ռուս համանախագահ, փորձառու դիւանագէտ Վլատիմիր Քազիմիրով «Նեզավիսիմայա Կազեթա»ին մէջ յօդուած մը գրի առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս առթիւ ընդգծեց, որ Պաքու կը փորձէ խաթարել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ միջնորդներուն նախաձեռնութիւնները։ Իր վերլուծութեան մէջ ան նշեց հետեւեալը.
«Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը խլած է քսան տարի եւ տակաւին աւելի ու աւելի կը պահանջէ։ Եթէ հայկական երկու կողմերը պատրաստակամութիւն կը յայտնեն աշխատանք տանելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու առաջարկներուն ուղղութեամբ, ապա Պաքու չի ձգտիր այդ բանին, ընդհակառակն՝ կը փորձէ որեւէ կերպով խաթարել միջնորդներու նախաձեռնութիւնները կամ ձգձգել անոնց վերատեսութեան ենթարկուիլը։ Տակաւին աւելին, Նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ նախկինին պէս սպառնալիքներ հնչեցնել ռազմական գործողութիւններու վերսկսման վերաբերեալ»։
Վլատիմիր Քազիմիրովի խորհրդածութիւններով, Պաքուի նախկին ղեկավարութիւնը ըրած է սխալ հաշուարկներ եւ 1991-1994 թուականներու ղարաբաղեան պատերազմը ունի բաւական ուսուցողական բնոյթ։ Իսկ ներկայիս տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ այժմու ղեկավարութիւնը չի կրնար որեւէ ձեւով իսկական գնահատական մը տալ կարեւորագոյն գործօններուն. օրինակ՝ թէ ի՞նչ պիտի արժէ նոր ռազմական հակամարտութիւնը սեփական ժողովուրդին եւ տարածքաշրջանին համար, նաեւ ինչպիսի հետեւանքներ պիտի ունենայ այդ մէկը։ «Պաքուի թերացումներու ծիրէն ներս կ՚արժէ նաեւ ընդգծել ոչ հազուադէպ նկատուող անբաւարար լրջութիւնը ղարաբաղեան կարգաւորման ուղղեալ փաստաթուղթերուն նկատմամբ, որոնք ստորագրուած են իր իսկ մասնակցութեամբ։ Իլհամ Ալիեւի դիրքորոշումը՝ յառաջ տանիլ ղարաբաղեան կարգաւորումը հայկական զօրքերու դուրս բերման միջոցաւ, միամիտ եւ անիրական է։ Միանշանակ պարզ է, որ զօրքերու դուրս բերումը տեղի կրնայ ունենալ միայն կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վստահելի ամրապնդումով, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նոր կարգավիճակի հաստատումով։ Աւելի իրապաշտ են ԱՊՀ-ի երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդին կողմէ 1994 թուականի Ապրիլի 15-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու մասնակցութեամբ ընդունուած յայտարարութեան շեշտադրումները։ Այնտեղ յստակեցուած է հակամարտութեան կարգաւորման քայլերու հերթականութիւնը։ Իլհամ Ալիեւի դիրքորոշումը բացարձակապէս չի համապատասխաներ ԱՊՀ-ի պետութիւններու ղեկավարներու դիրքորոշման», մատնանշեց յօդուածին մէջ Վլատիմիր Քազիմիրով։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատու աշխատակիցները ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ փաստաթուղթերու մասին պաշտօնապէս արտայայտուելու ժամանակ պէտք է ծայր աստիճան հաւաստի եւ զգոյշ ըլլան։ Սա է ակնկալուածը, բայց ոչ։ Վերջերս տուած մէկ հարցազրոյցին մէջ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմէթ Կաճիեւ շարադրեց իր դատողութիւնները 1994-95 թուականներու համաձայնագրի ու նոյնիսկ անոր ինչ որ յաւելուածին մասին։ Քազիմիրովի յօդուածին մէջ ընդգծուած է, որ համաձայնագրի ձեւակերպումը ինքնին կը պարունակէ անճշդութիւն։ Նման միասնական համաձայնագիր մը չէ եղած։ Իրականութեան մէջ կան երկու համաձայնագրեր։ Առաջինն է՝ 12 Մայիս 1994 թուականին հրադադարի մասին կնքուածը, իսկ միւսը ստորագրուած է 4 Փետրուար 1995-ին՝ հրադադարի դրութիւնը ամրապնդելու համար։ Այդ երկու համաձայնագրերը ստորագրած են հակամարտութեան բոլոր կողմերը, ընդ որում անժամկէտ ձեւով։ Վերջին համաձայնագիրը առհասարակ երկար ժամանակ կ՚անտեսուէր Ատրպէյճանի կողմէ։ Հաւանաբար այս պատճառով ալ զայն «միացուցած են» 1994-ի համաձայնագրին։
Ըստ Քազիմիրովի, ինչ կը վերաբերի 1994-95 թուականներու Կաճիեւի կողմէ «համակցուած» համաձայնագրի յատուկ յաւելուածին, որ իր խօսքերով իբր թէ համաձայնագրի բաղկացուցիչն է, որպէս այդ երկու նախագծերու հեղինակը՝ Վլատիմիր Քազիմիրով նման բան մը չի յիշեր։ «Իսկ եթէ անկեղծ ըսեմ՝ թէ՛ առաջին եւ թէ երկրորդ համաձայնագրերը չեն ունեցած որեւէ յաւելուած, սա պարզապէս յօրինուած է։ Կը մնայ միայն կռահել, թէ ինչով պայմանաւորուած է նման յօրինուած տեղեկութիւնը», նշած է Քազիմիրով։ Ռուս դիւանագէտի կանխատեսումներով՝ կա՛մ պաքուցի դիւանագէտի ոչ բարձր արհեստավարժութեան հետեւանքն է այս մէկը եւ կամ Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ իրավիճակին միտումնաւոր խեղաթիւրումով՝ քարոզչական կասկածելի շահերու եւ ընթերցողները խաբելու համար։ Այս ամբողջին մէջ զարմանալի չէ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հասցէագրուած այն կեղծ մեղադրանքը, ըստ որու ան աղաւաղուած կը ներկայացնէ 1994-1995 թուականներու համաձայնագիրը։
Յօդուածին մէջ Քազիմիրով նշած է, որ Պաքուի ղեկավարութեան վերաբերմունքը աչքի չի զարներ կառուցողականութեան՝ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութիւններուն նկատմամբ։ Գրեթէ արգելափակուած են առաջնագծէն դիպուկահարներու հեռացման, դէպքերու հետաքննութիւն իրականացնելու եւ համապատասխան դրութիւններու, վստահութեան միջոցառումներու մասին եւ այլ առաջարկները, որոնք կրնային նպաստել շփման գծի երկայնքով իրադրութեան կարգաւորման ու բանակցային գործընթացի շարունակման։ Քազիմիրովի խօսքերով, երբեմն այս ուղղութեամբ կը նախընտրուի երեսպաշտական մարտավարութիւն մը, որպէսզի ստեղծուի կեղծ տպաւորութիւն, թէ Պաքու պատրաստ է դրական վերաբերմունք ցոյց տալ համանախագահներու նախաձեռնութիւններուն նկատմամբ կամ տակաւին կ՚ուսումնասիրէ զանոնք, որպէսզի յետոյ հրաժարի անոնցմէ եւ ըսէ, որ անոնք անընդունելի են։ «Այդ հնարքները նպատակ ունին քօղարկել սեփական ժխտականութիւնը», գրած է Քազիմիրով։
Դէպքերու հետաքննութեան դրութիւնը Ատրպէյճան ընդունելի կը համարէ՝ միայն հայկական ուժերու իրենց զբաղեցուցած տարածքներէն դուրս բերման պարագային։ Կարծես մինչ այդ դէպքեր առհասարակ չէին պատահած ու չեն կրնար ըլլալ։ Ըստ Քազիմիրովի, Իլհամ Ալիեւի մօտեցումը՝ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը սահմանափակել միայն հայկական զօրքերու դուրս բերումով, միամտութիւն է ու պարզապէս անիրատես։ Միանգամայն հասկնալի է, որ հայկական զօրքերու դուրս բերումը հնարաւոր է միայն հրադադարի երաշխաւորուած ամրապնդման եւ Լեռնային Ղարաբաղի նոր կարգավիճակի ընդհանուր ամբողջին մէջ։
Ըստ Քազիմիրովի, այս ակնյայտ իրողութեան յամառօրէն ժխտումը հակամարտութեան տուեալ կողմի դիրքորոշումը կը դարձնէ բաւական խոցելի ու նոյնիսկ իրեն իսկ համար ցաւագին։ Այս տեսանկիւնէն է, որ Քազիմիրով Իլհամ Ալիեւի դիրքորոշումը բացարձակ անհամատեղելի կը նկատէ ԱՊՀ-ական երկիրներու ղեկավարներու մօտեցումներուն հետ, որոնք ամրագրուած էին Մոսկուայի միջնորդութեամբ հաստատուած հրադադարէն առաջ։