ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՆՄԱՆՕՐԻՆԱԿ ՈՐՈՇՈՒՄ
Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը երկրորդ անգամ ընդունեց որոշում մը, որով անկարելի կը համարուի ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց պնդումներու ժխտման քրէականացումը երկրէն ներս։ Աջակողմեան նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի շրջանին ընդունուած առաջին որոշումէն վերջ հիմա ալ ընկերվարական նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի պաշտօնավարութեան շրջանի վերջին շաբաթներուն զուգադիպած է այս երկրորդ որոշումը։
Ֆրանսայի մէջ ժխտողականութեան մասին այս օրինագծի երկրորդ անգամ մերժուիլը լայն արձագանգ գտած է թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, սա Թուրքիոյ տեսակէտէ իրաւաբանական կարեւոր յաղթանակ մը կը նկատուի։ Ըստ նոյն աղբիւրին, Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը սոյն որոշումը ընդունելու ժամանակ նկատի առած է նաեւ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանին (ԵՄԻԱ) կողմէ Տողու Փերինչէքի գործին շուրջ արձակած վճիռը։ Ծանօթ է, որ այդ վճռին մէջ որպէս հիմնաւորում օգտագործուած էր արտայայտութեան ազատութեան սահմանափակումը։
Ֆրանսահայ աղբիւրներն ալ Սահմանադրական խորհուրդի այս որոշումը անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են։ Ըստ Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթի հաղորդումներուն, Օլանտի նախագահութեան հնգամեակի կարեւոր վերջին օրինագծերէն կը նկատուէր «Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան» վերաբերողը: Օրինագիծը ոմանց կողմէ կ՚անուանուէր «աւել» օրէնք, որովհետեւ այլ օրինագծերու մէջ տեղ չգտած բոլոր տրամադրութիւնները այս մէկուն մէջ թխմուած էին: Անոր մէջ, ի շարս այլոց ընդգրկուած էր միջազգային ատեաններու կողմէ ճանաչում չգտած ոճիրներու, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի պատժելիութեան դրոյթը:
Աւելի քան 60 ծերակուտականներ եւ աւելի քան 60 երեսփոխաններ բողոքելով այս օրինագծին դէմ, դիմած էին Սահմանադրական խորհուրդին:
Վերջինս Յունուար 26-ին քննարկելով օրինագծին զանազան տրամադրութիւններու սահմանադրականութիւնը, մերժած է անոնց մեծ մասը, կա՛մ իրենց ձեւին, կա՛մ ալ իրենց խորքին պատճառով: Ուրեմն, մերժուածներուն մէջ է ոճիրներու, հետեւաբար՝ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին ալ վերաբերողը:
Այս մասին որոշումին մէջ, կ՚ըսուի. «Խորհուրդս հաստատեց, որ մէկ կողմէ այս տրամադրութիւնները անհրաժեշտ չեն ճնշելու համար ատելութիւն կամ բռնութիւն սերմանող գրգռութիւնները, որոնք արդէն ճնշուած են մամլոյ ազատութեան վերաբերեալ 1881 Յուլիս 29-ի օրէնքով։ Իսկ միւս կողմէ ալ հիմնուեցաւ այն փաստին վրայ, որ բողոքարկուող օրինագիծը թոյլ պիտի տար հետապնդման ձեռնարկել որոշ արտայայտութիւններու առիթով, այն պատճառաբանութեամբ, որ անոնք կը ժխտեն դէպքեր, որոնք մինչդեռ իբրեւ ոճրային՝ իրաւաբանօրէն ճանաչում իսկ չեն գտած, այն պահուն երբ այդ արտայայտութիւնները կ՚ըլլան։ Սահմանադրական խորհուրդը գնահատեց, որ ատիկա պիտի առաջնորդէ վիճարկումի կարօտող պատմական դէպքերու նկատմամբ եղած արտայայտութիւններու կամ կատարուած արարքներու օրինականութեան մասին անորոշութեան։
«Հետեւաբար, Սահմանադրական խորհուրդը դատեց, որ բողոքարկուող տրամադրութիւնները կը հանդիսանան արտայայտութեան ազատութեան հարուած մը, ինչ որ ո՛չ անհրաժեշտ է եւ ոչ ալ համեմատական։ Ուստի, Խորհուրդը զանոնք յայտարարեց հակասահմանադրական»։
Նշենք, որ Խորհուրդին կը նախագահէր Լոռան Ֆապիիւս, իր շուրջ ունենալով անդամներ՝ Քլէր Պազի-Մալորին, Նիքոլ Պելուպէն, Ժան-Ժագ Հիեսթը, Լիոնէլ Ժոսփէնը, Քորին Լիւքիէնսը, Նիքոլ Մաէսթրաչին եւ Միշէլ Փինոն: