ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Իսրայէլ, շաբաթավերջին այցելեց համաքրիստոնէական սրբավայրեր։ Հոլոքոստի տարելիցին առթիւ կազմակերպուած միջազգային հաւաքին մասնակցելու առընթեր, Արմէն Սարգսեան այցելեց Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարը եւ Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարը։ Ան հիւրընկալուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունուեցաւ նաեւ Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլինի եւ Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարէն ներս շրջայցի ժամանակ Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Աշխարհ աւելի ու աւելի Աստուծոյ հաւատքի եւ մարդկային արժէքներու գնահատման կարիքը կ՚ունենայ»։ Իսկ Ս. Յարութեան տաճարէն ներս ան մատնանշեց, որ Երուսաղէմի սրբազան հողը կամուրջ կրնայ դառնալ եւ որպէսզի այնտեղ այցելողները այդ կամուրջին միջոցաւ նաեւ ճանչնան Հայաստանն ու հայ հոգեւոր մշակոյթը։

Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս Արմէն Սարգսեանի այցելութիւնը ստեղծեց արտասովոր մթնոլորտ։ Ան նախ իր ուխտի աղօթքը կատարեց Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարէն ներս։ Աթոռանիստ եկեղեցիէն ան առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի գլխաւորութեամբ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալուեցաւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներուն, սաղիմահայ համայնքէն դէմքերու եւ այլ յարանուանութիւններէ պաշտօնական ներկայացուցիչներու կողմէ։ «Այն արժէքները, զորս մենք կերտած ենք Երուսաղէմի մէջ, ոչ միայն մերն են, այլեւ՝ համաշխարհային մշակոյթինը», ըսաւ Հայաստանի նախագահը։

Արմէն Սարգսեան այս այցելութիւններուն ընթացքին շեշտեց, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնն ու Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը պէտք է շատ աւելի սերտ յարաբերութիւններ եւ համագործակցութիւն ունենան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ։

Երկուշաբթի, Յունուար 27, 2020