ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ներկայ շաբթուան տեւողութեան հանդիպում մը պիտի ունենան Ժընեւի մէջ։ Մնացականեան 29-30 յունուարին պիտի գտնուի Ժընեւի մէջ, ուր նախ պիտի տեսակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Այս վերջիններուն միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ նաեւ իր տեսակցութիւնը Էլմար Մամետեարովի հետ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան տեղեկացուց, որ անդրադարձ պիտի կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակին։
Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ յառաջիկայ ամիս Միւնիխի մէջ կրնայ հանդիպում մը ունենալ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեան կը պատրաստուի մասնակցիլ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին, որուն ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Ալիեւ։ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։ Ըստ իրեն, Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման մը համար համաձայնութիւն չունի, սակայն այդ հնարաւորութիւնը չի բացառուիր։ «Քննարկումներու փուլի մէջ ենք։ Եւ ընդհանրապէս, եթէ սխալ չեմ յիշեր, չեմ ըսած, որ դեկտեմբերի 20-ին, Սեն Փեթերսպուրկի մէջ, երբ ԱՊՀ-ի հաւաքը տեղի կ՚ունենար, այնտեղ շփուած ենք։ Ես այդ կարգի շփումները օգտակար կը համարեմ։ Այսինքն՝ եթէ առիթ ըլլայ խօսելու, քննարկելու, կը կարծեմ, թէ վնասակար չէ, օգտակար է», ըսաւ Փաշինեան։
Հարկ է նշել, որ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովը նախատեսուած է 14-16 փետրուարին։
Շաբաթավերջի իր յայտարարութիւններուն մէջ Փաշինեան ընդգծեց, որ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան պատասխանատուութիւնը անձամբ կը կրեն Ատրպէյճանի նախագահը, Արցախի նախագահը եւ Հայաստանի վարչապետը։ «Մենք պատրաստ ենք շինիչ, բնականոն աշխատանքի՝ ինչքան որ ալ կը հասկնանք, թէ սա որքան բարդ աշխատանք մըն է։ Բայց սա մեր պատասխանատուութիւնն է տարածքաշրջանէն ներս։ Սա անձնաւորուած պատասխանատուութիւն մըն է եւ ինչ որ առումով ընդհանուր պատասխանատուութիւն մըն է եւ այդ պատասխանատուութիւնը կրելն ու անոր տակէն պատուով դուրս գալը չափազանց դժուար գործ մըն է», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ արդէն վարչապետի կամ նախագահի գործը երբեք դիւրին չէ եղած։ Թէ՛ ինչի՞ շուրջ կ՚ընթանան բանակցութիւնները եւ ի՞նչ փուլի մէջ կը գտնուին անոնք։ Փաշինեան շատ կարեւոր համարեց արձանագրել, որ բոլորը գիտեն, թէ ինք փակ սենեակի մէջ Իլհամ Ալիեւի հետ ինչի մասին կը խօսի։ «Սա նկարագրուած, ձեւակերպուած է 2019 թուականի մարտին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստին ժամանակ իմ ունեցած ելոյթով։ Ես կ՚ուղենշէի յառաջիկայի բանակցային գործընթացէ ներս մեր քննարկումներու շրջանակը։ Մենք հիմա կը խօսինք այդ շրջանակի մասին։ Այս պահուն սեղանի վրայ քննարկման ենթակայ որեւէ թուղթ գոյութիւն չունի։ Եւ պէտք է միասին աշխատինք աւելի յստակ, աւելի առարկայական քննարումներու փուլին մօտենալու համար։ Այս շրջանը պէտք է արդիւնաւէտ օգտագործուի այդ փուլին մօտենալու համար», ըսաւ Փաշինեան։
Իր յայտարարութիւններու տեւողութեան Փաշինեան մատնանշեց, որ այս փուլը այդքան ալ արդիւնաւէտ չէ օգտագործուած՝ շարք մը առարկայական ու ենթակայական պատճառներով։ «Ամենակարեւոր պատճառներէն մին է, որ դժբախտաբար ատրպէյճանական կողմէն համարժէք յայտարարութիւն մը չի հնչեր իմ այն յայտարարութեան համար, թէ հիմնախնդրի կարգաւորման որեւէ տարբերակ պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի ժողովուրդի, Արցախի ժողովուրդի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդի համար։ Սա, եթէ այսօր հայեցակարգային մակարդակով արտայայտուինք, կարգաւորման գործընթացի ամենամեծ խոչընդոտն է։ Բայց մեր դիրքորոշումը շինիչ է։ Համոզուած ենք, թէ պէտք է կարգաւորել Ղարաբաղի հարցը. կարգաւորել այն հայեցակարգի եւ այն սկզբունքներու շրջանակներէն ներս, որոնք ես ըսի Ստեփանակերտի մէջ, ՄԱԿ-է ներս իմ ելոյթներու տրամաբանական շրջանակին մէջ եւ մեր նախապէս հռչակած սկզբունքներու շրջանակին մէջ», ըսաւ Փաշինեան։