ԼԸ ՄՈՒԱՆԻ ԱՅՑԸ

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ լը Մուան ներկայիս կ՚այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։ Իր ուղեւորութեան առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Պաքուն, ուր ան երէկ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտը Պաքուի շփումներուն ընթացքին քննարկեց տարածքաշրջանային իրավիճակը։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան իրագործման վերաբերեալ հարցեր։ Տարածքաշրջանային ընթացիկ իրավիճակին առընթեր, կողմերը քննարկեցին նաեւ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն 11 յունուարին ստորագրած համաձայնութեան դրոյթներու իրագործումը։ Պաքուի մէջ ֆրանսական պատուիրակութեան նկատառման յանձնուած է տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման եւ համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններու ստեղծման ուղղեալ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը։ Քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։

Ժան-Պաթիստ լը Մուան այսօր կ՚այցելէ Երեւան։ Երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Իր կեցութեան ժամանակ ան կ՚այցելէ նաեւ «Անաթոլ Ֆրանս» ֆրանսական կրթական համալիրի ապագայ շէնքի շինարարութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021