ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Մարսէյլի մէջ հայկական մշակոյթի կեդրոնին վրայ գործուած յարձակման կապակցութեամբ։

«Յարձակումը Մարսէյլի հայկական եկեղեցւոյ մշակոյթի կեդրոնին վրայ խիստ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ։ Կը վերահաստատենք, որ ազգային պատկանելիութեան հիմքով ատելութեան որեւէ գործողութիւն, վերջին շրջանին Ֆրանսայի մէջ հայերու եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ թրքա-ատրպէյճանական ոտնձգութիւններու օրինակով պէտք է բացառուի», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021