ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ ԴՐԱԿԱՆ ՄԻՏՈՒՄ Կ՚ԱՐՁԱՆԱԳՐԷ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի առողջական վիճակին մէջ դրական միտում կը նկատուի։ Ան վերջերս դուրս եկած է իր դարմանուած հիւանդանոցէն եւ բուժումը կը շարունակուի տնային պայմաններու ներքեւ։

Հարկ է յիշեցնել, որ տարեմուտին Արմէն Սարգսեան Լոնտոնի մէջ ոտքի վիրահատութեան մը ենթարկուած էր։ Այդ ընթացքին ան վարակուած էր քորոնաժահրով եւ անմիջապէս դարմանման տակ առնուած։ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի գրասենեակը միջոց մը առաջ տեղեկացուցած էր, որ հիւանդութիւնը իր մօտ ունի բարդ ընթացք մը եւ ան փոխադրուած է հիւանդանոց։ Կարճ ժամանակ անց նոյն պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցած էին, որ Արմէն Սարգսեան հիւանդանոցէն շուտով պիտի արձակուէր։ Նախագահի գրասենեակի երէկուան հաղորդումներով՝ յայտնի դարձաւ, որ Արմէն Սարգսեան արդէն հիւանդանոցէն դուրս  եկած է եւ իր առողջական վիճակը դրական թափ արձանագրած։ Բայց եւ այնպէս, ան տակաւին կը գտնուի բժիշկներու վերահսկողութեան ներքեւ։ Նախագահի ինքնազգացողութիւնը յարաբերաբար բարելաւուած է։

Արմէն Սարգսեան բժիշկներու թոյլտուութենէն անմիջապէս վերջ Հայաստան պիտի վերադառնայ։ Ան ներկայիս կը շարունակէ աշխատիլ հեռավար, իրականացնելով իր սահմանադրական գործառոյթները։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021