ՆԱԽԱԴՐԵԱԼՆԵՐՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան յայտարարեց, որ Երեւան համոզուած չէ, թէ Արցախի դէմ Պաքուի բռնութեան հետեւանքները կրնան հիմք ստեղծել տեւական խաղաղութեան համար։

Արա Այվազեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆը, որ տարածքաշրջանային մեծ շրջագայութեան մը ձեռնարկած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ։ Ճեւատ Զարիֆ իր շրջագայութեան սկսաւ այցելելով Պաքու, ուրկէ անցաւ Մոսկուա եւ երէկ տեսակցեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Զարիֆ, որ երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Երեւան, այս առաւօտ ալ ընդունուեցաւ Արա Այվազեանի կողմէ։ Երկու նախարարները նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արա Այվազեան այս առաւօտեան բանակցութիւններուն ժամանակ ընդգծեց, որ Հայաստան համոզուած չէ, թէ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի բռնութեան եւ ուժի կիրառման հետեւանքները կրնան հիմք ստեղծել տեւական խաղաղութեան համար կամ կրնան դիտարկուիլ՝ որպէս տարածքաշրջանային համագործակցութեան հնարաւորութիւն։

Ըստ Արա Այվազեանի, այժմ տարածքաշրջանը կ՚առերեսուի նոր լրջագոյն մարտահրաւէրներով, որոնք ստեղծուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ուժով լուծելու Ատրպէյճանի վտանգաւոր փորձին հետեւանքով։ Հայաստան չի համարեր, որ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի բռնութեան եւ ուժի կիրառման արդիւնքները կրնան հիմք ստեղծել տեւական խաղաղութեան համար կամ կրնան դիտարկուիլ՝ որպէս տարածքաշրջանային խաղաղութեան հնարաւորութիւն։ Արա Այվազեան նշած է, որ Իրան տարածքաշրջանէ ներս կարեւոր երկիր մըն է եւ Հայաստան կը յարգէ անոր մօտեցումները, որով ան իր յարաբերութիւնները կը կառուցէ անմիջական հարեւաններու հետ։ «Այնուհանդերձ, կ՚ուզէինք անգամ մը եւս շեշտել, որ միայն յարատեւ ու բոլորի շահերը հասցէագրող խաղաղութիւնը, ուր չկան «յաղթողներ եւ պարտուածներ», այսպէս կոչուած, «յաղթանակներ կամ պարտութիւններ», կարող է իրական երաշխիքներ ստեղծել տարածքաշրջանէ ներս անվտանգութեան, կայունութեան եւ զարգացման յառաջմղման համար», նշեց Արա Այվազեան հանդիպման ընթացքին։

Հարկ է յիշեցնել, որ Ճեւատ Զարիֆ Պաքուի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տեսակցելու ժամանակ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը շնորհաւորած էր՝ իր տարածքները ետ բերելու համար։

Ճեւատ Զարիֆ Երեւանէն վերջ իր տարածքաշրջանային մեծ շրջագայութիւնը պիտի շարունակէ՝ այցելելով Վրաստան եւ Թուրքիա։ Այս ամբողջին մէջ երէկ Մոսկուայի մէջ ծաւալուած քննարկումները առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէին։ Թէ՛ Զարիֆ եւ թէ Լաւրով կարեւոր պատգամներ տուին այս առթիւ։ Թեհրանի ղեկավարութիւնը ներկայիս Արցախի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման ուղիներուն նկատմամբ անմիջական ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ։ Զուգահեռաբար, Իրան հիւսիսային հարեւաններուն հետ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման հետամուտ է։ Թեհրան լուրջ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման նկատմամբ։ Զարիֆ երէկ Մոսկուայի մէջ ընդգծեց, որ Իրան հակամարտութեան գօտիին ամենամօտ երկիրն է եւ անոր լուծումը շատ կարեւոր է իր ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնէն։ Ըստ իրեն, ներկայիս պայմաններ նախապատրաստուած են Լեռնային Ղարաբաղի բարգաւաճման, համագործակցութեան համար։ Հող ստեղծուած է տարածքաշրջանէ ներս տնտեսական եւ փոխադրութեան նախագծերու շուրջ համագործակցութեան ուղղութեամբ։ «Մենք կը կարողանանք նուազեցնել պատմական տարաձայնութիւնները, փրկել մարդոց կեանքերը», յայտնեց Ճեւատ Զարիֆ Մոսկուայի մէջ։ Իր խօսքով, պէտք է օգտուիլ այժմու հնարաւորութիւններէն՝ աւելի լաւ ապագայ մը ստեղծելու համար։ Անդրադառնալով Հայաստան եւ Ատրպէյճան այցելութիւններու իր նպատակին՝ Զարիֆ յայտնեց, որ կը նախատեսեն աշխատանք տանիլ այն հնարաւորութիւններուն շուրջ, որոնք ստեղծուած են Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմանի յայտարարութիւնով։ «Տնտեսական սիներժին կը հանդիսանայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան լաւագոյն երաշխիքը», աւելցուց Զարիֆ։

Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրովն ալ Ճեւատ Զարիֆի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ մատնանշեց, որ Ռուսաստան տասնամեակներ շարունակ մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նկատմամբ։ Ըստ իրեն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու շարքին այս հարցին մէջ ամենաաշխոյժը եղած է Ռուսաստանը։ Մոսկուա քանի մը տարի առաջ հանդէս եկած էր նոր նախաձեռնութիւնով մը։ Եթէ այդ ժամանակ ռուսական կողմի նախաձեռնութիւնը ընդունելութեան արժանանար, ապա կարելի կ՚ըլլար հազարաւոր կեանքեր փրկել։ Ըստ Լաւրովի, յառաջիկային եւս Լեռնային Ղարաբաղը Մոսկուայի ուշադրութեան կիզակէտին կը գտնուի։ Ըստ իրեն, տարակոյս չկայ, որ Իրան պիտի միանայ տարածքաշրջանի տնտեսական զարգացման ուղղեալ նախագծերուն։ Արդարեւ, Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսաստան կ՚ողջունէ Իրանի ձգտումը՝ աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան վերականգնման։ Ռուսական կողմը շահագրգռուած է Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին շուրջ Իրանի հետ երկխօսութեան խորացմամբ։

«Ռուսաստան համոզուած է, թէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կը կարգաւորեն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը, ի շահ հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներու եւ անոնց բոլոր հարեւաններու», յայտարարեց Սերկէյ Լաւրով երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Ան մանրամասնեց, որ խօսքը կը վերաբերի Հարաւային Կովկասէ ներս բոլոր տնտեսական, փոխադրական եւ այլ կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ համագործակցութեան։ Ըստ Լաւրովի, այսպէսով կարելի պիտի ըլլայ վերջնականապէս կարգաւորել իրավիճակը, մնացեալ քաղաքական խնդիրներով հանդերձ, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ արդար հիմունքներով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021