ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին կը շարունակէ Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն հետ իր խորհրդակցութիւնները՝ երկրի դիմագրաւած ներքին քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ։ Ռուս դեսպանը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի ընդդիմադիր քաղաքական ուժերէն «Բարգաւաճ Հայաստան»ի կուսակցապետ Գագիկ Ծառուկեանի հետ։

Կը հաղորդուի, որ Ծառուկեան եւ Քոփիրքին քննարկած են տարածքաշրջանէ ներս յետպատերազմեան իրավիճակը, ռազմագերիներու վերադարձի գործընթացի խնդիրները եւ Հայաստանի ներքին քաղաքական օրակարգին վերաբերեալ զանազան նիւթեր։ Զրոյցի տեւողութեան դեսպանը կարեւորեց երկկողմանի աշխատանքներու շարունակութիւնը՝ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։ Ան ընդգծեց երկու երկիրներու միջեւ դարաւոր ու եղբայրական կապերու ա՛լ աւելի ամրապնդման ուղղեալ քայլերու անհրաժեշտութիւնը։

Գագիկ Ծառուկեան հանդիպումէն վերջ մատնանշեց, որ Ռուսաստան տարածքաշրջանէ ներս անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորն է եւ Հայաստանի անփոխարինելի ռազմավարական գործընկերը։ Ըստ իրեն, հայ-ռուսական քաղաքական, տնտեսական կապերու ամրապնդումն ու շարունականութեան զարգացումը չունի որեւէ այլընտրանք։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021