ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ
Երեւանէն երէկ տեղեկացուեցաւ, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վարակուած է քորոնաժահրով։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, ան անմիջապէս մեկուսացած է եւ այս շրջանին պիտի աշխատի հեռավար դրութեամբ։ Նիկոլ Փաշինեանի պարագային հիւանդութիւնը կ՚ընթանայ առանց ախտանշանի։
Հարկ է նշել, որ Հայաստանի կառավարութեան այս առաւօտեան հերթական ժողովն ալ վարեց փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան՝ Նիկոլ Փաշինեանի ստիպողական բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ։
Նիկոլ Փաշինեան աւելի առաջ ալ վարակուած էր։ Երեւանեան կարգ մը թերթեր այսօր կը գրեն, որ քաղաքական շրջանակներէ ներս աշխոյժ քննարկման նիւթ դարձած է վարչապետի հերթական վարակման երեւոյթը։ Որոշ շրջանակներ ալ այդ վարակումը կասկածելի համարած են։ Այս առումով հրապարակուած են հետաքրքրական պնդումներ, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի Բանակի օրուայ վաղուայ տօնակատարութիւններուն։ Այսպէս, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս վաղը Բանակի օրուան առթիւ նախատեսուած է ձեռնարկ մը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ պատերազմէ վերադարձածները։ Ըստ պնդումներու, կազմակերպիչները փորձած են Փաշինեանի մասնակցութեամբ յուզիչ տեսարաններ բեմադրել, սակայն, հրաւիրեալները չեն համաձայնած։ Վարչապետն ալ նպատակայարմար չէ գտած «շարքային» կարգավիճակով՝ առանց շոուի մասնակցիլ այդ ձեռնարկին։ Ուստի, յիշեալ պնդումներուն համար այս պարագան ներկայացուած է՝ որպէս հիմնաւորում։
Ընդդիմադիր մամուլի այս պնդումներէն վերջ, այսօր իսկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի Զինեալ ուժերու կազմաւորման 30-ամեակին ձօնուած ընդունելութիւնը յետաձգուած է։ Արդարեւ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ներկայիս վարակուած են քորոնաժահրով՝ ներառեալ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը։ Այս հաղորդումներուն մէջ յետաձգեալ ձեռնարկի վայրն ալ նշուած է՝ որպէս «Դուին» պանդոկի համալիրը, ի տարբերութիւն ընդդիմադիր մամուլի տեղեկութիւններէն։