ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՁԵՒ

18 եւ 19 յունուարին յաջորդաբար Եւրոպական խորհրդարանը երկու աւելի քան ուշագրաւ բանաձեւեր որդեգրեց թէ՛ Հայաստան-Ատրպէյճան եւ թէ Արցախ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:

Բանաձեւերը աննախընթացօրէն հայանպաստ են թէ՛ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն Ատրպէյճանի զօրքերը հեռացնելու, թէ՛ Բերձորի միջանցքը բանալու, թէ՛ ռազմագերիներու վերադարձը պահանջելու եւ թէ մանաւանդ՝ Հելսինքեան հռչակագիրի նշումով՝ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի հիմնադրոյթը ընդգծելու առումով: Տակաւին կան նշումներ ածանցեալ այլ սկզբունքներու, որոնք կը համատեղուին հայկական կողմի առաջադրանքներուն հետ եւ կը սաստկացնեն քննադատութիւնները Ատրպէյճանին: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ եւրոպական հայեցակէտերը դիտարկել եւ ըստ այդմ ընկալել ամրագրուած կէտերու բուն շարժառիթները:

Առաջին բանաձեւին հանգուցակէտը 7-րդ կէտն է, որ կ՚ողջունէ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանին Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութեան տեղակայումը եւ ԵՄ-ի խորհուրդին կոչ կ՚ուղղէ ընդլայնելու տեղակայուած փորձագէտներու քանակը, աւելցնելու առաքելութեան կարողութիւնները, ամրապնդելու շրջանին մէջ ներկայութիւնը: Մինչեւ 7-րդ կէտ հասնիլը կը տրուին հիմնաւորումներ: Պարզ է, որ այստեղ մղումը Հարաւային Կովկաս թափանցելն է եւ այնտեղ եւրոպական ներկայութիւնը արմատաւորելը: Այստեղ աշխարհագրութիւնը աւելի մասնակի՝ Հայաստան-Ատրպէյճան ընդհանուր սահմանն է:

Երկրորդ բանաձեւը կը շարունակէ եւրոպական այս քաղաքականութեան այլ ուղղութեամբ փակագիծեր բանալը։ Արդարեւ, 6-րդ կէտով լոյս կը սփռուի ամբողջ քաղաքականութեան մը վրայ։ Եւրոպական խորհրդարանը կը դատապարտէ ռուս խաղաղապահներու անգործութիւնը, կը գտնէ, որ անոնց ՄԱԿ-ի լիազօրութեան տակ ԵԱՀԿ-ի միջազգային խաղաղապահներով փոխարինումը պէտք է դառնայ հրատապ բանակցութիւններու նիւթ: Ահա այստեղ է մնացեալ ամբողջ կէտերու հիմնաւորումի հանգամանք ըլլալու իրողութիւնը: Խնդիրը մարդասիրական աղէտի, պատանդուած վիճակի, թէ ցեղասպանութեան վտանգի ենթակայ ըլլալէն աւելի՝ դարձեալ տարածաշրջանին մէջ աշխոյժ ներկայութիւն դառնալու կը վերաբերի:

Եթէ առաջին բանաձեւը կը խօսի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին եւրոպական առաքելութիւններուն թափ հաղորդելու մասին, երկրորդի պարագային արդէն խաղաղապահ ուժերու տեղակայման հրատապութիւնը կ՚ընդգծէ: Արձանագրենք, որ եւրոպական միակողմանի առաքելութիւններու ուղարկման բացարձակապէս դէմ է Ատրպէյճան։ Այս բանը անարդիւնաւէտ նկատեց նաեւ Ռուսաստանը՝ իր արտաքին գործոց նախարարին միջոցաւ: Իսկ Թուրքիան արտաքին միջամտութիւններու խանգարիչ գործօնի մասին պաշտօնապէս յայտարարութիւն կատարեց: Եւրոպական գերաշխուժութեան մասին ընդհանուր ակնարկներ կատարած է Իրան: Շեշտակի այս բանաձեւը համաչափ արձագանգ չէ գտած Թեհրանի կողմէ:

Որքան ալ առարկուի, որ Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոմիութեան գործադիր մարմինը չէ եւ անոր բանաձեւերը չեն վերածուիր մեքենաբար Եւրոմիութեան քաղաքականութեան գերակայ ուղղութեան, այդուհանդերձ եւրոպական ատեաններու կողմնակի քայլերը համաեւրոպական լրացուցիչ գործօնի ազդեցութիւնը կը ձգեն:

Եւրոմիութեան արտաքին գործոց նախարարները կ՚որդեգրեն տարբեր բնոյթի առաքելութիւններ Հայաստան ուղարկելու ծրագիրը: Մինչ այդ, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները իրենց գործընկերները կը հրաւիրեն համակարգելու Սիւնիքին աջակցութիւն տրամադրելու նախագիծերը: Հետզհետէ աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերածուող Սիւնիքի մէջ եւրոպական ներկայութեան հաստատման համապատասխանող քայլ մըն է, որ կ՚առնուի այս ձեւով:

Եւրոպական խորհրդարանի 18 եւ 19 յունուարի բանաձեւերն ալ կը խօսին ԵԱՀԿ-ի Հելսինքեան աքտի հիմնադրոյթներուն վերադառնալու անհրաժեշտութեան մասին եւ անոնց շարքին կ՚ընդգծեն ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը: Այստեղ, սակայն, խօսքը անպայման ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի բանակցային գործընթացը վերստանձնելու մասին չէ: Մինսքեան խմբակ կը նշանակէ համանախագահութիւն, ուր ներգրաւուած է նաեւ Ռուսաստանը. ամբողջ խնդիրը անոր դուրս մղումն է այս գործընթացներէն:

Այս տեսութիւնը դէպի առարկայացում կ՚երթայ երկրորդ բանաձեւի 10-րդ կէտով։ Եւրոպական Միութեան կոչ կ՚ուղղուի՝ եռանդուն կերպով ներգրաւուելու եւ ապահովելու, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները այլեւս պատանդ չըլլան Պաքուի աքթիւիզմին, Ռուսաստանի ապակառուցողական դերին եւ Մինսքեան խմբակի անգործութեան:

Եռանախագահութեան փոխարէն, ուրեմն, Եւրոպական խորհրդարանը անուղղակիօրէն գործնական առաջարկ մը կ՚ընէ, երբ առաջին բանաձեւի 5-րդ կէտով աջակցութիւն կ՚արտայայտէ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եռակողմ հանդիպումներ կազմակերպելու նախաձեռնութեան:

Տարածաշրջանի մէջ ներկայութիւն, ռուսական տիրոյթներէ ներս թափանցում, հակակշիռ ազդեցութեան գօտիի ստեղծում եւ աշխարհաքաղաքական նոր խաղադաշտին մէջ բաժնեմաս ունենալու միտուած գործողութիւններ… Այս բոլորին առումով միջնորդական հակամարտութիւնը տարբեր խաղացողներու միջեւ հետզհետէ կը թէժանայ:

Հայկական կողմը շատ նուրբ դիւանագիտութիւն որդեգրելու եւ կիրարկելու հրամայականին անմիջականութեան դէմ յանդիման կը գտնուի: Հայաստանն ու Արցախը գերտէրութիւններու շահերու բախման կէտին վրայ յայտնուած են: Եւրոպական խորհրդարանի հայանպաստ բանաձեւերէն խանդավառուիլը գետնի վրայ առաւելներ կրնայ չարձանագրել: ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ ԵԱՀԿ-ի խաղաղապահները կրնան ուշանալ: Չմոռնանք, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստէն մինչեւ այժմ չկատարուեցաւ որեւէ յայտարարութիւն:

Այս բոլորով հանդերձ, հայկական կողմը պիտի շարունակէ թէ՛ Ատրպէյճանի զօրքերու հեռացումի, թէ՛ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի կամ ընդհանրապէս Եւրոպական խորհրդարանի բարձրացուցած այլ հայանպաստ հիմնադրոյթները ներառած արտաքին քաղաքականութիւն վարել բոլոր ուղղութիւններով:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023