ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔՆԵՐ ԵՒ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի դէպի Պրիւքսել աշխատանքային այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Ընդհանրապէս, Երեւան-Պրիւքսել առանցքը բանուկ է այս շրջանին։ Միրզոյեանի Պրիւքսել այցելութեան սկիզբին Երեւանի մէջ էր Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար։ Այս վերջինը Երեւանի ղեկավարութեան հետ բանակցութիւններ վարելէ վերջ վերադարձաւ Պրիւքսել, ուր Արարատ Միրզոյեանին հետ ալ տեսակցեցաւ՝ նախարարի աշխատանքային այցելութեան եզրափակիչ փուլին։

Մինչ Լաչինի միջանցքը կը մնայ փակ եւ Արցախը պաշարուած, Երեւանի եւ Պրիւքսելի միջեւ յաճախակի կարծիքի փոխանակումներ տեղի կ՚ունենան ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Կարծիքներ կը փոխանակուին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին կապակցութեամբ։ Երեւան միշտ կ՚ընդգծէ, որ Պաքուի գործողութիւններն ու հռետորաբանութիւնը կը խաթարեն Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ իր ջանքերը։

Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի նիստին ժամանակ Արարատ Միրզոյեանի ունեցած ելոյթը շատ ծաւալուն ու համապարփակ էր եւ յստակօրէն կը ցոլացնէր այս փուլին Երեւանէն միջազգային հանրութեան ուղղեալ պատգամները։ «Վերջին երկու տարիներուն Հայաստանի կառավարութիւնը Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու քաղաքական կամք ունենալով՝ բարեխղճօրէն ներգրաւուած է բանակցութիւններուն երեք տարբեր ուղղութիւններով։ Առաջինը՝ տարածաշրջանէն ներս բոլոր փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումն է, երկրորդը՝ սահմանազատումն ու սահմանային անվտանգութիւնը եւ երրորդը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կամ խաղաղութեան պայմանագիրը», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։

Պրիւքսելի մէջ նախարարը շեշտեց, որ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման աշխատանքային խումբի ձեւաւորումէն անմիջապէս վերջ, Ատրպէյճան սկսաւ արտատարածքային միջանցք մը պահանջել՝ իւրովի մեկնաբանելով 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութիւնը։ «Հայաստան պատրաստ է բանալ բոլոր հաղորդակցութիւնները այն իսկ պահուն, երբ Ատրպէյճան կ՚ընդունի, որ ճանապարհները պէտք է գործեն տուեալ պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան ներքեւ», ըսաւ Միրզոյեան։

Անդրադառնալով սահմանազատման յանձնաժողովին՝ Պրիւքսելի մէջ Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ անոր ձեւաւորումէն ամիսներ անց Ատրպէյճան թէ՛ նոր տարածքային պահանջներ ներկայացուց եւ թէ փորձեց իր վերջին բռնութիւնը հիմնաւորել սահմանի՝ սահմանազատուած չըլլալու կեղծ փաստարկով։ «Զաւեշտալի է, որ այս յանձնաժողովները ստեղծուած էին 2021 թուականի մայիսին, Հայաստանի ինքնիշխան տարածք Ատրպէյճանի առաջին ներխուժումէն յետոյ՝ նպատակ ունենալով նաեւ կանխել յետագայ որեւէ ռազմական գործողութիւն», աւելցուց Միրզոյեան։

Եւրոպացի խորհրդարանականներու առջեւ Արարատ Միրզոյեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրին համար սկսած բանակցութիւններուն մասին։ Իր խօսքով՝ ցաւալիօրէն, խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ Երեւանի կողմէ ներկայացուած հիմնարար առաջարկներու մեծամասնութիւնը մերժուած է Պաքուի կողմէ։

«Առաջարկներու շարքին է պետական սահմանի սահմանազատման չափորոշիչներու ճշգրտում, որովհետեւ մենք կը կարծենք, թէ առանց Հայաստան-Ատրպէյճան միջպետական սահմանի սահմանազատման վերաբերեալ յստակ համաձայնեցուած չափորոշիչներու անհնար է իրական խաղաղութիւնը։ Յաջորդը պետական սահմանէն զինեալ ուժերու դուրս բերումը եւ ապառազմականացուած գօտիի մը ստեղծումն է՝ ապագայ հաւանական մագլցումները կանխելու համար, ինչպէս նաեւ վստահութեան ամրապնդման միջոցները եւ անվտանգութեան դրութիւնը, խաղաղութեան պայմանագրի երաշխաւորի կամ երաշխաւորներու կառոյցը, որ պիտի ապահովէ յանձնառութիւններու կատարում», շարունակեց նախարարը։

Աւելի վերջ նախարար Արարատ Միրզոյեան Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի անդամներուն նկատառման յանձնեց, որ Ատրպէյճանի ակնկալութիւնն է, թէ Հայաստան միայն պէտք է ընդունի իր բոլոր պահանջները, իսկ իր ուզածը չստանալու պարագային կ՚օգտագործէ ճնշման բոլոր հաւանական միջոցները՝ սկսելով հայ ռազմագերիները պատանդ պահելէ, մինչեւ հայերու դէմ պետականօրէն հովանաւորուած ատելութեան տարածում, ռազմատենչ հռետորաբանութիւն եւ ուժի կիրառում։

«Մենք ընդունեցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը զուգահեռաբար, առանձին հարթութիւններով քննարկելու վերաբերեալ Ատրպէյճանի առաջարկը։ Հակառակ այս բանին, Ատրպէյճան սկսաւ պնդել, որ Լեռնային Ղարաբաղը իր ներքին խնդիրն է՝ հակադրուելով Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ բանակցութիւններու միջազգային դրութիւն մը ստեղծելու ուղղեալ Հայաստանի առարկայական առաջարկին։ Հասկնալի է նաեւ, որ ցարդ Ատրպէյճանի գործողութիւնները՝ ներառեալ Լաչինի միջանցքի փակումը, անգամ մը եւս ապացուցանեցին միջազգային ներգրաւուածութեան բացարձակ անհրաժեշտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան խնդիրներու լուծման համար», մանրամասնեց նախարար Արարատ Միրզոյեան։

Պրիւքսելի մէջ Արցախի շրջափակման դէմ հերթական ահազանգը հնչեցնելով՝ Արարատ Միրզոյեան ըսաւ. «Այս իսկ պահուն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կը շարունակէ գտնուիլ անմարդկային շրջափակման մէջ, Լաչինի միջանցքի՝ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ կեանքի ճանապարհի արգելափակման պատճառով։ Կայ հանգամանք մը, որ կը փափաքէի ընդգծել։ Սա առանձին դրուագ մը չէ ու պէտք է դիտարկուի՝ Ատրպէյճանի կողմէ լայնածաւալ եւ համակարգուած կերպով ձեռնարկուած քաղաքականութեան մաս՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի էթնիք զտման։ Կեանքի անտանելի պայմաններ ստեղծելով՝ Ատրպէյճան նպատակ կը հետապնդէ հարկադրելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը լքել իր տունն ու հայրենի հողը։ Ատրպէյճանի նախագահի վերջին յայտարարութիւնը, որով կ՚առաջարկուէր վտարել այն հայերը, որոնք չեն փափաքիր դառնալ Ատրպէյճանի քաղաքացիներ, անգամ մը եւս կ՚ապացուցանէ էթնիք զտումներ իրականացնելու մտադրութիւնը»։

Բաց աստի, նախարարը Պրիւքսելի մէջ ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական տագնապը օրէ օր կը սրուի եւ անհրաժեշտ է միջազգային հանրութեան անյապաղ միջամտութիւնը։

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023