ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանին, որ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։

Դռնփակ տեսակցութենէն վերջ թրքական պաշտօնական աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չհաղորդեցին զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023