ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՊԱՔՈՒ Կ՚ՈՒԶԷ ԿՈՏՐԵԼ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔԸ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ առաւօտ կառավարութեան նիստի ընթացքին հերթական անգամ անդրադարձաւ Արցախի շրջափակման. «Պաքուի ծրագիրը հետեւեալն է. քանի մը օրով բանալ Լաչինի միջանցքը՝ ակնկալելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը լքեն իրենց տուները, ապա կրկին փակել, այսպէս շարունակ՝ մինչեւ որ վերջին հայը լքէ Արցախը»։

Փաշինեան համոզուած է, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը այսպէսով կը հետապնդէ՝ կոտրել սեփական հայրենիքին մէջ ապրելու արցախահայութեան կամքը։ «Եթէ ցայսօր միջազգային հանրութիւնը թերահաւատութեամբ կը վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը էթնիք զտումներու ենթարկելու Ատրպէյճանի մտադրութիւններուն վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւններու ահազանգներուն, ապա հիմա արդէն կը տեսնեմ, որ այս ընկալումը դանդաղ, բայց հաստատուն քայլերով միջազգային հանրութեան շրջանակին մէջ աւելի կ՚ուժեղանայ», ըսաւ վարչապետը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեան կարեւորեց դէպի Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջանըցք միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան մը գործուղումը եւ այդ նպատակին հասնելու համար հետեւողական աշխատանքի իրականացումը։

Իր խօսքով՝ ընդհանուր առմամբ, տարածաշրջանէն ներս առկայ բոլոր խնդիրներու խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի եւ հայկական կողմը պիտի առաջնորդուի այս իսկ տրամաբանութեամբ՝ հասկնալով բոլոր դժուարութիւններն ու բարդութիւնները։

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023