ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԴԱԴԱՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի մօտալուտ նախագահական ընտրութիւններէն վերջ բանակցային գործընթացը լիարժէք ծաւալ կը ստանայ։

Երէկ, Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիր մը ստորագրուեցաւ։ Հայաստան-Վրաստան տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի՝ Թիֆլիզի մէջ կազմակերպուած հերթական ժողովին զուգահեռ՝ երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ այս փաստաթուղթը ստորագրուեցաւ՝ ներկայութեամբ անոնց վարչապետներուն՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի։ Բանակցութիւններուն ներկայ էին նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Իլիա Տարչիաշվիլի։

Դէպի Թիֆլիզ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, երէկ, Փաշինեան առանձնազրոյց մը ունեցաւ իր պաշտօնակցին հետ։ Ապա երկու վարչապետները գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը հանդէս եկան։ Անդրադառնալով երէկ ստորագրուած հռչակագրին՝ Փաշինեան ըսաւ. «Այսօրուան ձեռքբերումը վերջին քանի մը տարիներու մեր համատեղ ջանքերու եւ աշխատանքին արդիւնքն է եւ կը ցոլացնէ մեր ընդհանրութիւնները, նպատակասլացութիւնը։ Այնուամենայնիւ, այս նուաճումը անգամ մը եւս կ՚ընդգծէ մեր ջանքերը բազմապատկելու եւ ձեռքբերուածով չսահմանափակուելու անհրաժեշտութիւնը»։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան հանդիպման ընթացքին Փաշինեան եւ Ղարիպաշվիլի կարեւորեցին տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը։ Վրաստանի վարչապետը յոյս յայտնեց, թէ շուտով կը ստորագրուի Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը։ Փաշինեանն ալ համոզուած է, թէ Երեւան-Թիֆլիզ տնտեսական համագործակցութիւնը մեծ ներուժ ունի ու պէտք է նպաստել անոր լիարժէք բացայայտման եւ կեանքի կոչման։ Բարձր մակարդակի այս շփման մթնոլորտին մէջ ուշադրութիւն գրաւեց նաեւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի յայտարարութիւնը, ըստ որու իրեն հնարաւորութիւն չէ տրուած Փաշինեանի հետ տեսակցելու։

Ռազմավարական գործընկերութեան հաստատման հռչակագրի ստորագրման զուգահեռ՝ Փաշինեան եւ Ղարիպաշվիլի պայմանաւորուեցան աւարտին հասցնել Հայաստան-Վրաստան սահմանազատման գործընթացը։ Վարչապետները ուշադրութեան առարկայ դարձուցին նաեւ սահմանային անցակէտերուն մէջ համատեղ մաքսային հսկողութեան իրականացման վերաբերեալ տարբերակները։

Այս բոլորի լոյսին տակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ յայտնեց, որ Վրաստանի հետ նպատակադրած են միասնական ջանքերով Հարաւային Կովկասը վերածել ենթակառուցուածքներու խաչման տարածաշրջանի մը։ Իր խօսքով՝ Թիֆլիզի հետ քաղաքական երկխօսութեան խորացումը Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առանցքային ուղղութիւններէն մին է։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2024