ԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԱՍՊԵԼԻՆ 85-ԱՄԵԱԿԸ

Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեան արդէն դարձած է 85 տարեկան։ Իր յոբելեանը մակերեսային տարեդարձ մը ըլլալէ շատ աւելի անդին նշանակութիւն մը ունի համազգային հարթութեան վրայ։ Մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեան մեծ յարգանք ու ժողովրդականութիւն կը վայելէ տասնամեակներէ ի վեր՝ երաժշտական կալուածէն ներս ունեցած անփոխարինելի ներդրումով եւ հետեւողական ստեղծագործութեամբ։

Այսօր Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 85-ամեակն է։ Տարուան ընթացքին մաէսթրոյին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան։ Տարեդարձը կը նշուի Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի «Տիգրան Մանսուրեան 85» լայնածաւալ հանդիսաւոր համերգով, որ տեղի կ՚ունենայ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։

Երէկ, յոբելենական համերգին ընդառաջ, Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիսով մը հանդէս եկան Տիգրան Մանսուրեանն ու Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեան։

Մեծանուն վարպետը մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Աստուած ինձ նուիրեց այս տարիքը, այստեղ հասնելու ուրախութիւնը»։

Իր կարգին, Սերկէյ Սմբատեանն ալ ընդգծեց, որ Մանսուրեանի յոբելեանին ձօնուած երեկոյթը իրեն համար շատ կարեւոր է։ Ան շարունակեց. «Խօսելով Տիգրան Մանսուրեանի մասին, միշտ կը նշեմ, որ Հայաստանի մէջ եւ երկրէն դուրս երաժշտասէրները զինքը տարբեր ձեւով կը պատկերացնեն։ Արտասահմանի մէջ քաջածանօթ են Մանսուրեանի ակադեմական ստեղծագործութիւնները, իսկ հայրենիքի մէջ աւելի մեծ ճանաչում ունի իր շարժանկարի երաժշտութիւնը»։ Սմբատեան նշեց, որ յոբելենական համերգին ծրագիրը այդ առումով համադրութիւն մը պիտի ըլլայ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յոբելենական համերգի բոլոր տոմսերը արդէն երկու շաբաթ առաջ սպառած են։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2024