ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԳԱՐՆԱՆ ՄԷԿ ԱՄՍՈՎ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ ՄԱՐՍԻ ՀԵՏԱԶՕՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Հայաստան յառաջիկայ գարնան մէկ ամսով պիտի դառնայ Մարսի հետազօտական կեդրոնը։ Այս նախագիծը կեանքի պիտի կոչուի Երեւանի եւ Վիեննայի համագործակցութեամբ։ Արդարեւ, Աւստրիոյ Տիեզերական ֆորումը (OeWF) Հայաստանը հիւրընկալ երկիր ընտրած է՝ դէպի Մարս առաքելութեան մոտելաւորման համար։ Նոյն ծիրէն ներս «AMADEE24» վարժանքները յառաջիկայ մարտին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան։

Վիեննայի հայկական դեսպանատան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Հայաստանի Տիեզերական ֆորումի եւ «OeWF»ի համագործակցութեամբ կազմակերպուելիք «AMADEE24»ի վերաբերեալ կազմակերպչական հանդիպում մը։ Սա դէպի Մարս 14-րդ միջազգային սիմիւլասիոնին ուղղեալ աշխատանք մըն է։ Աւստրիական եւ հայկական կազմակերպչական խումբերու անդամները արդէն անմիջական աշխատանքի ձեռնարկած են։

Դեսպան Արմէն Պապիկեան ուրախութեամբ ողջունեց մասնակիցները։ Ան ընդգծեց «AMADEE24»ի գիտակրթական կարեւոր նշանակութիւնը եւ «OeWF»ին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Հայաստանը հիւրընկալ երկիր ընտրած ըլլալու համար։

Սիմիւլասիոնի շրջանակներէն ներս միջազգային անձնակազմը ամիս մը շարունակ պիտի մարզուի ժայռոտ բարձրադիր սարահարթի վրայ, որ շատ կը նմանի Մարսի սարահարթերուն։ Սա պիտի ըլլայ «OeWF»ի կողմէ իրականացուելիք 14-րդ մոտելաւորումը, որու ընթացքին զանազան թեքնոլոժիներ կը փորձարկուին ապագային դէպի Մարս հետազօտական առաքելութիւն մը ուղարկելու նպատակով։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2024