ՄԱՐԿՎԵԼԱՇՎԻԼԻ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ

Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լի յա­ռա­ջի­կայ ա­միս պի­տի այ­ցե­լէ Ատր­պէյ­ճան։ Ան Մար­տի 11-ին պի­տի մաս­նակ­ցի Պա­քուի չոր­րորդ կլո­պալ հա­մա­ժո­ղո­վին, որ ձօ­նուած պի­տի ըլ­լայ «Դէ­պի բազ­մա­բե­ւեռ աշ­խարհ» նիւ­թին։ Այս հա­մա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ միջկ­րօ­նա­կան երկ­խօ­սու­թեան դե­րը պի­տի քննար­կուի, անդ­րա­դարձ պի­տի կա­տա­րուի գաղ­թի, բազ­մամ­շա­կու­թայ­նու­թեան, հա­մարկ­ման, հա­մաշ­խար­հա­յին կա­ռա­վար­ման հե­ռան­կար­նե­րու հար­ցե­րով։

Մարկ­վե­լաշ­վի­լի ե­լոյ­թով մը հան­դէս պի­տի գայ հա­մա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, նա­խա­տե­սուած են նաեւ իր հան­դի­պում­նե­րը Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն դէմ­քե­րու հետ։

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2016