ԱՐ­ՑԱ­ԽԻ ՃԱ­ԿԱ­ՏԻՆ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ԲԱ­ԽՈՒՄ­ՆԵՐ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին՝ մտա­հո­գիչ ձե­ւով։ Շա­բա­թա­վեր­ջին, Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը կա­տա­րե­ցին յար­ձակ­ման փորձ մը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հետ շփման գծին վրայ։ Բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով հայ­կա­կան կող­մը չու­նե­ցաւ զոհ։ Ա­զէ­րի կող­մը ու­նե­ցաւ զո­հեր եւ վի­րա­ւո­րեալ­ներ։ Նոյ­նա­ժա­մա­նակ եր­կու ուղ­ղու­թեամբ յար­ձակ­ման ան­ցան Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը, ո­րոնք կա­սե­ցուե­ցան Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին կող­մէ։ Ա­զէ­րի կող­մի քա­նի մը զո­հուած զի­նուո­րի դին մնաց չէ­զոք գօ­տիին մէջ։ Ե­րէկ, հա­կա­մարտ կող­մե­րուն մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցաւ՝ այդ դիակ­նե­րու փո­խադ­րու­թեան հա­մար։ Հա­մա­ձայ­նու­թեան միջ­նոր­դեց ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չիկ։

Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այս մա­սին յայ­տա­րա­րեց, որ Պա­քու ի­րա­վի­ճա­կը կը սրէ դի­տում­նա­ւոր։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նշուե­ցաւ, որ Ատր­պէյ­ճան հեր­թա­կան հա­րուա­ծը տուած է՝ հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին։ Ըստ նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Տիգ­րան Բա­լա­յեա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի բռնու­թիւ­նը կան­խամ­տա­ծուած սադ­րանք մըն է։

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2017