ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը բազմիցս վերածուած է իրական գործողութիւններու։ Պրիւքսելի մէջ, Եդուարդ Նալպանտեան վերջերս ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի լիագումար նիստին ժամանակ։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Իր ելոյթին մէջ Նալպանտեան ըսաւ. «1999 թուականին Եւրոխորհրդարանի ընդունած բանաձեւին մէջ կ՚ամրագրուէր, որ Լեռնային Ղարաբաղ հռչակած է իր անկախութիւնը՝ հետեւելով նմանօրինակ յայտարարութիւններուն, որոնք կատարուած են նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն կողմէ։ Իսկապէս, Լեռնային Ղարաբաղ երբեւէ չէ եղած անկախ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Սակայն Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ պահանջել Լեռնային Ղարաբաղը եւ ոչ միայն այդ մէկը։ 8 Փետրուարին այդ երկրի նախագահը յայտարարեց, որ Հայաստանի զանազան շրջաններ՝ ներառեալ մայրաքաղաք Երեւանը, Ատրպէյճանի պատմական հողերն են, ատրպէյճանցիները պէտք է վերադառնան այնտեղ եւ սա Պաքուի քաղաքական եւ ռազմավարական նպատակն է։ Ձեր հայեցողութեան կը թողում, թէ արդեօք սա տարածքային պահա՞նջ է հարեւան երկրի նկատմամբ, սուր ճօճում, թէ այլ բան մը։ Ինչպէս յայտնի է, Պաքուի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, որ կը ներառնէ ուժի կիրառման կամ սպառնալիքի յայտարարութիւններ, բազմիցս վերածուած է իրական գործողութիւններու»։

Աւելի վերջ Նալպանտեան յիշեցուց, որ 2016 թուականի Ապրիլին Ատրպէյճան կրկին լայնածաւալ ռազմական յարձակում սանձազերծեց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ։ Յարձակումներուն զուգահեռ տեղի ունեցան միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներ։ Ակնյայտ է, որ այս բռնութիւնը լուրջ վնաս հասցուց խաղաղ գործընթացին։ Միջնորդ համանախագահ երկիրներու՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի կողմէ կազմակերպուեցաւ երկու գագաթաժողով Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ՝ ուղղուած իրադրութեան կայունացման եւ խաղաղ գործընթացի յառաջ մղման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման։ Սակայն, Ատրպէյճան ետքայլ ըրաւ այդ գագաթաժողովին ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն եւ հրաժարեցաւ այդ բոլորը կատարելէ։ Սա նախ եւ առաջ կը վերաբերի հրադադարի խախտման հետաքննութեան դրութեան ստեղծման եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի մշտադիտարկման կարողութիւններու ընդլայնման, ինչպէս նաեւ ի հարկէ 1994-1995 թուականներու զինադադարի եռակողմանի համաձայնագրերու անվերապահ կատարման։ «Բարձր մակարդակով հանդիպումներու մէկուկէս տարուան ընդմիջումէն յետոյ էր, որ նախագահները կրկին հանդիպեցան անցեալ Հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ։ Գագաթաժողովէն յետոյ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները, համանախագահներու հետ համատեղ, կատարեցին յայտարարութիւն մը, որու մէջ արտացոլացուեցաւ այն ինչ,  Հայաստան երկար ժամանակ կոչ կ՚ուղղէր. աշխուժացնել բանակցային գործընթացը եւ յաւելեալ քայլերու ձեռնարկել շփման գծին վրայ լարուածութեան նուազեցման համար։ Այսինքն իրագործել Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներու ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւոր-ւածութիւնները։ Միայն Հայաստանը չէ, որ հետեւողականօրէն հետամուտ կ՚ըլլայ այս համաձայնութիւններու կատարման։ Համանախագահները եւս բազմիցս ընդգծած են գագաթաժողովի յանձնառութիւնները յարգելու անհը-րաժեշտութիւնները։ Վերջին նման յայտարարութիւնը կատարուեցաւ ընդամէնը քանի մը օր առաջ։ Այնուամենայնիւ Ատրպէյճան չի կատարեր պայմանաւորուածութիւնները։ Ամենաթարմ վկայութիւնն էր Յունուարին Քրաքովի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, ուր սկզբունքօրէն համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր իրականացնելու անձնական ներկացուցիչի գրասենեակի ընդլայնումը։ Այս պայմանաւորուածութեան առընչութեամբ Հայաստանն ու համանախագահները տարածեցին գրեթէ նոյնական յայտարարութիւն, մինչդեռ Ատրպէյճան այս բանին որեւէ յղում չկատարեց ո՛չ հանդիպումէն յետոյ, ո՛չ ալ ցայսօր։ Երբ քանի մը օր առաջ համանախագահները այցելեցին տարածքաշրջան, Ատրպէյճան կրկին հրաժարեցաւ յարգել անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի կարողութիւններու ընդլայնման իրագործման վերաբերեալ այս պայմանաւորուածութիւնը։ Կարեւոր է, որ միջազգային հանրութիւնը համանախագահ երկիրներու հետ խօսի մէկ միասնական ձայնով՝ խաղաղութեան գործընթացի յառաջմղման ուղղուած անոնց մօտեցումներուն սատարելու համար։ Բոլոր հակամարտութիւնները տարբեր են եւ հնարաւոր չէ զանոնք միաւորել կամ անոնց նկատմամբ նոյն մօտեցումը որդեգրել։ Տարբեր հակամարտութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ միջազգային հանրութիւնը որդեգրած է տարբեր մօտեցումներ։ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի հանգուցալուծման պարագային համանախագահ երկիրները բազմիցս վերահաստատած են, ներառեալ նախագահներու մակարդակով, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հիմքին կը գտնուին միջազգային իրաւունքի երեք սկզբունքներ։ Անոնք են՝ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառումը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը։ Այս սկզբունքները մշակուած են համանախագահներուն կողմէ որպէս մէկ ամբողջութիւն եւ ինչպէս նշած են եռանախագահները, սկզբունքներէն որեւէ մէկուն միւսին նկատմամբ գերակայութիւն տալու փորձերը անհնարին պիտի դարձնեն հիմնախնդրի կարգաւորումը», ըսաւ Նալպանտեան։

Եզրափակելով իր խօսքը՝ Եդուարդ Նալպանտեան յայտնեց, որ Հայաստան բազմիցս վերահաստատած է, թէ համանախագահ երկիրներու հետ միասին պիտի շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ իրականացուող ջանքերը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018