ԿԱԶԻԱՆԹԷՊԻ ՄԷՋ ԵՄ-Ի ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ ՊԻՏԻ ՀԻՄՆՈՒԻ՝ ԱՆԱՏԱԼՈՒԻ ՀՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԿԱՃԱՌԸ

Եւրոմիութեան օժանդակութեամբ Կազիանթէպի մէջ պիտի հիմնուի Անատոլուի Հնագիտութեան եւ մշակութային ժառանգութեան կաճառը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Եւրոմիութեան կողմէ 7.5 միլիոն եւրօ յատկացուած է այս ծրագրին համար։ Երէկ տեղի ունեցաւ այս նախագծի ծանօթացման հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան Արտաքին գործոց փոխ-նախարար դեսպան Ֆարուք Քայմաքճը, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխ-նախարար Ահմէտ Հալուք Տուրսուն, Անգարայի մօտ ԵՄ-ի պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Քրիստիան Պերժէ, Կազիանթէպի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ եւ գլխաւոր քաղաքապետ Ֆաթմա Շահին։ Ծանօթացման հաւաքոյթին առընթեր, անոնք ուսումնասիրութիւններ կատարեցին այն վայրին վրայ, ուր պիտի ստեղծուի այս կաճառը։

Կաճառը պիտի գտնուի՝ Աթաթիւրքի Կազիանթէպ այցելութեան ընթացքին ժողովուրդին խօսք ուղղած ապարանքի եւ «Քենտիրլի» պատմական եկեղեցւոյ յարած տարածքին։ Նպատակը պիտի ըլլայ մշակութային հասարակաց ժառանգութեան արժէքներու ուսումնասիրութիւնը, պահպանումը, ծանօթացման ճանապարհով Թուրքիա-ԵՄ միջմշակութային երկխօսութեան զարգացումը, քաղաքացիական հասարակութեան երկխօսութեան ամրապնդումը։ Ծրագիրը կ՚ընդգրկէ գրադարանի, տարրալուծարանի, կրթութեան եւ խորհրդատուութեան միաւորումներ։

Դեսպան Քրիստիան Պերժէ երէկուան ծանօթացման հաւաքոյթին ընթացքին նշեց, որ խաղաղամէտ յարաբերութիւններու տեւականացման համար մշակութային արժէքները պէտք է լաւ օգտագործուին։ Այս առումով ստեղծուելիք կաճառին կրնայ վիճակիլ կարեւոր առաքելութիւն մը։ Կազիանթէպն ալ չէ նախընտրուած պատահաբար՝ այս կաճառի հիմնադրութեան համար։ Պերժէ կանգ առաւ քաղաքի ընկերային ու մշակութային կարեւորութեան վրայ։ «Այս քաղաքի մէջ հնագիտութեան կաճառի մը բացումը շատ լաւ արդիւնքներ պիտի ունենայ։ Կաճառը հիմնուած է՝ մշակութային հասարակաց արժէքները պահպանելու համար։ Անատոլուի վաղեմի մշակոյթը պահպանելու եւ հաւաքելու առումով կարեւոր կեդրոն մը պիտի ստեղծենք։ Սա հետազօտութեան հասարակաց կաճառ մը պիտի ըլլայ, որ երիտասարդները պիտի մարզէ ու պիտի կրթէ։ Այսպէսով կարեւոր քայլ մը առած կ՚ըլլանք Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ հնագիտութեան համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ։ Լաւ քայլ մը առած պիտի ըլլանք, որպէսզի Կազիանթէպ միջազգային համագործակցութեան կեդրոն մը դառնայ», ըսաւ Քրիստիան Պերժէ եւ աւելցուց, որ մշակութային ժառանգութիւնը զարգացման նախադրեալ մըն է։ «Թուրքիոյ մէջ կը ջանանք խրախուսել բազմաթիւ մշակութային ծրագրեր։ Այս բոլորը մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու եւ ապագային փոխանցելու տեսակէտէ կարեւոր է։ Մեր այս աշխատանքները ուսումնասիրելով պիտի նկատէք ԵՄ-Թուրքիա համագործակցութեան ոտնահետքերը», եզրափակեց Պերժէ։

Քաղաքապետ Ֆաթմա Շահինն ալ յայտնեց, որ կը յաւակնին քաղաքը հնագիտութեան մայրաքաղաքի մը վերածել։

Ծանօթացման հաւաքոյթի ընթացքին Ելմտական ու գանձի նախարարութեան պաշտօնատարներէն Մեհմէտ Սելիմ Ուսլու նշեց, որ 7.5 միլիոն եւրօ արժողութեամբ, ԵՄ-ի կողմէ գանձատրուած ծրագիրը 540 օրուան պայմանագրային ժամկէտի մէջ կեանքի պիտի կոչուի։ Կաճառը պիտի գործէ պատմական առումով խոր իմաստ ներկայացնող շէնքի մը մէջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 27, 2019