ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՓԱՔԻՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԾԱԳԱԾ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԻ ԵԶՐԻՆ

Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ երէկ յանկարծ աննախընթաց լարուածութիւն մը ծագեցաւ եւ այդ մէկը կը հասնի պատերազմական իրավիճակի մը եզրին։ Իսլամապատի եւ Նիւ Տելհիի ղեկավարութիւններուն միջեւ շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր տարաձայնութիւնները հասած էին լուրջ համեմատութեան։ Հնդկաստանի հակակշռին տակ գտնուող Քաշմիրի մէջ 14 փետրուարին տեղի ունեցած էր յարձակում մը, որ թիրախաւորած էր մասնակի զինեալներու խումբ մը։ 44 զինուոր զոհ գացած էր այդ դէպքին, 20 զինուոր ալ վիրաւորուած էր։ Հնդկաստանի ղեկավարութիւնը այս դէպքին կապակցութեամբ ամբաստանած էր Փաքիստանը։ Իսկ Փաքիստան դէպքը պախարակելով մերժած էր այդ մեղադրանքը։ Այս բոլորէն վերջ երէկ, Հնդկաստանի ռազմաօդային ուժերը գործողութիւններ կատարեցին Քաշմիրի վերահսկողութեան գօտիի Փաքիստանի կողմը։ Հնդկական զօրքերը թիրախաւորեցին «Ճէյշի Մուհամմէտ» կազմակերպութեան ճամբարը։ Հնդկական կողմը թէեւ ինքնապաշտպանութիւն համարեց այս գործողութիւնը, սակայն Փաքիստան հաղորդեց, որ ոտնձգութիւն կատարուած է իր օդային մարզին դէմ։ Ուստի, Փաքիստանն ալ փոխադարձեց այդ գործողութիւններուն։ Ըստ զինուորական աղբիւրներու, Փաքիստան երկու հնդկական ռազմաօդանաւ ռմբակոծած է, Հնդկաստանն ալ հակառակորդի ռազմաօդանաւ մը։ Փաքիստան փակած է իր ամբողջ օդային մարզը, փակած է օդակայանները եւ կասեցուցած բոլոր թռիչքները։

Իսլամապատի ղեկավարութիւնը այս դէպքերէն վերջ հաղորդեց, որ չի փափաքիր ընթանալ դէպի պատերազմ, իսկ գործողութիւններուն նպատակը եղած է ինքնապաշտպանութիւն։ Փաքիստանի բանակի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ ի զօրու են ամէն ինչ ընելու, սակայն չեն ձգտիր պատերազմի։

Միջազգային հանրութիւնն ալ արձագանգած է այս իրադարձութիւններուն։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես զսպուածութեան կոչ ուղղեց երկու երկիրներուն։ Ֆրանսա տեղեկացուց, որ օրինական կը նկատէ Հնդկաստանի յարձակումը Փաքիստանի դէմ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 27, 2019