ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑՈՎ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թեհրան։ Իրեն կ՚ընկերանան տիկինը՝ Աննա Յակոբեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Նիկոլ Փաշինեան Թեհրանի մէջ կը տեսակցի Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյի, նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի հետ։  Փաշինեան եւ Ռուհանի կը սարքեն նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այսօր երեկոյեան Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ Նիկոլ Փաշինեան կը տեսակցի իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Նիկոլ Փաշինեան Թեհրանի «Մեհրապաղ» օդակայանը ժամանելէ վերջ առաջնորդուեցաւ «Սատապատ» պալատը, ուր Հասան Ռուհանիի կողմէ դիմաւորուեցաւ պաշտօնական արարողութեամբ։ Նուագուեցան երկու երկիրներու քայլերգները եւ երկու ղեկավարները ողջունեցին պատուիրակութիւններու անդամները։ Աւելի վերջ սկսան բարձր մակարդակի բանակցութիւնները։

Նիկոլ Փաշինեանի հետ է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։ Ռուհանի-Փաշինեան հանդիպման ներկայ էր նաեւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ։ Այս վերջինը երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, սակայն այդ հրաժարականը մերժուեցաւ Ռուհանիի կողմէ։ Այս իրադարձութիւններէն վերջ, Ճեւատ Զարիֆ առաջին անգամ մասնակցած եղաւ բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումին։

Այս պաշտօնական այցելութեան առթիւ Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց մը տուաւ ԻՐՆԱ գործակալութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետը իր ներկայ այցելութիւնը համարեց Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ կանոնաւոր երկխօսութեան հերթական կարեւոր փուլը։ «Հայաստան եւ Իրան ունին հարուստ օրակարգ եւ պէտք է աշխատին չօգտագործուած ներուժը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ», ըսաւ ան։

Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Նիկոլ Փաշինեան վաղն ալ կ՚այցելէ Սպահան, ուր կը հիւրընկալուի նահանգապետին կողմէ ու կը տեսակցի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 27, 2019