ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑ

Պատրիարքական Աթոռի հոգելոյս գահակալը՝ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման առաջին տարելիցը կը մօտենայ։ 8 մարտ 2019 թուականին երկրաւոր կեանքէ հրաժեշտ առած էր երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի ոգեկոչուի իր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, հոգեհանգստեան պաշտօն մը պիտի կատարուի իրեն համար, նաեւ պաշտօնապէս պիտի բացուի շիրիմը, որ կը գտնուի Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ կառուցուած է հանգուցեալ գահակալի շիրիմը։ Մշակման ու գեղարուեստական ձեւաւորման հեղինակն է ճարտարապետ Վազգէն Պարըն։ Ծախսերը դիմագրաւած է մեր բարերարներէն Եթքին Պէրպէրօղլու՝ մասնաւորապէս սիրայօժար տրամադրելով շիրիմի ընտիր մարմարը։

Երէկ, Գումգաբուի աղբիւրները պաշտօնական յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման առաջին տարելիցին կապակցութեամբ։ Այսպէս, 8 մարտ 2020, կիրակի, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր տաճարի մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի երանաշնորհ Պատրիարք Հօր հոգւոյն ի հանգիստ՝ նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Հօր։

Նոյն օրը ժամը՝ 15.00-ին, այցելութիւն պիտի տրուի երանաշնորհ պատրիարքի Շիշլիի ազգային գերեզմանատան հանգստարանին ու յետ կանոնական հանգստեան արարողութեան տեղի պիտի ունենայ շիրմին բացումը՝ նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն։

Նոյն օրը Իսթանպուլի մեր եկեղեցիները բաց պիտի մնան պաշտամունքի եւ Ս. Պատարագի մատուցման։ Այս առթիւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն երանաշնորհ Պատրիարք Հօր հոգւոյն ի հանգիստ։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020