ԲԱԶՄԱՇԵՐՏ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 43-րդ նիստին, ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այսպէս, ան վերջին օրերուն իրերայաջորդ տեսակցութիւններ ունեցաւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի, Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչի, Քուպայի Արտաքին գործոց նախարար Պրունօ Էտուարտօ Ռոտրիկեզ Փարիլլայի, ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէնուհի Թաթիանա Վալովայայի, Էօզպեքիստանի խորհրդարանի փոխ-նախագահ Աքթամ Խաիթովի եւ Պաղեստինի Արտաքին գործոց նախարար Ռիատ էլ Մալիքիի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան եւ Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչ քննարկեցին Հայաստանի եւ Եւրոխորհուրդի շրջանակներէ ներս համագործակցութեան հեռանկարները։ Կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին զանազան մակարդակներու վրայ հաստատուած արդիւնաւէտ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան դրական թափին կապակցութեամբ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան Եւրոպայէ ներս ժողովրդավարութեան ամրապնդման առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու եւ ԵԽ-ի գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք ջանքերուն շուրջ։ Անդրադառնալով մարդու իրաւանց պաշտպանութեան ոլորտէ ներս ձեռքբերումներուն ու բացթողումներուն՝ Զօհրապ Մնացականեան մատնանշեց մարդու իրաւանց համընդհանուր բնոյթը։ Ըստ իրեն, համընդհանուր է նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու խրախուսումը ամբողջ Եւրոպայէն ներս՝ ներառեալ հակամարտութեան գօտիները։ Նախարարը ներկայացուց նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ նախաձեռնուած ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգը։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Զօհրապ Մնացականեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար ու Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ճոզըֆ Պորելի հետ։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան բազմաշերտ օրակարգին շուրջ։ Ընդգծուեցաւ Արեւելեան գործընկերութեան կարեւորութիւնը՝ որպէս ԵՄ-ի հետ ընդհանուր արժէքներու եւ ամրագրուած նպատակներու կեանքի կոչման ուղղեալ կարեւոր հարթակ։ Շեշտուեցաւ Հայաստան-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը։ Մնացականեան եւ Պորել քննարկեցին նաեւ Հայաստան-ԵՄ երկկողմանի եւ բազմակողմանի միջոցառումներու յառաջիկայ ժամանակացոյցը։ Նախարարը ներկայացուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի շուրջ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումներն ու մօտեցումները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ խաղաղ կարգաւորման գործընթացի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած վերջին հանդիպումներուն։  

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020