ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԷԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ 2 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐԻ
Հայաստանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ ուժանիւթի բնագաւառի էական բարեփոխումներ, որոնց համար անհրաժեշտ է առնուազն 2 միլիառ տոլար։ Նախարարաց խորհուրդի վերջին նիստին ժամանակ, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան յայտարարած է, որ առնուազն 2 միլիառ տոլարի պէտք ունի երկիրը՝ ուժանիւթի ոլորտի ազդեցիկ բարեփոխումներ կատարելու համար։
Ըստ Աւինեանի բացատրութիւններուն, ներկայիս ընթացքի մէջ է 60 ծրագիր։ Այսպէսով թիրախաւորուած են թէ՛ պետական եւ թէ քաղաքացիական շէնքեր՝ թիւով աւելի քան 1.560 շինութիւն։ Այդ ծրագրերով նախատեսուած շինութիւնները պիտի յատկանշուին իրենց բնապահպանական որակով եւ կարելի պիտի ըլլայ միջին հաշուով 55-60 տոկոս ուժանիւթի խնայողութիւն։ Բնապահպանութեան առընթեր, անանտեսելի չէ նաեւ տնտեսական երեւոյթը, որովհետեւ շէնքերու բնակիչները շատ աւելի քիչ պիտի վճարեն ելեկտրականութեան եւ կազի համար։