Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՂԱՐԻՊԱՇՎԻԼԻ ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Իրակլի Ղարիպաշվիլի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հրաւէրին ընդառաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն միջեւ։ Դաւիթ Տօնոյեան եւ Իրակլի Ղարիպաշվիլի կը սարքեն նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020