«ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ Կ՚ՈՉՆՉԱՑՈՒԻՆ»

Հայաստանի քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը անընդհատ կը շարունակէ իր գործողութիւնները։ Ընդդիմադիր խմբաւորումը երէկ հերթական հանրահաւաքը կազմակերպեց Հայաստանի Ազգային ժողովին դիմաց։ Հարկ է նշել, որ փակ մնալ կը շարունակէ Երեւանի կեդրոնի Բաղրամեան պողոտան, որու վրայ կը գտնուի խորհրդարանի շէնքը։ Երէկուան հանրահաւաքէն վերջ ընդդիմադիր ցուցարարները հերթական «արժանապատուութեան երթ»ն ալ իրականացուցին մայրաքաղաքի կեդրոնին։ Միացեալ ընդդիմութեան կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեանն ալ երէկ յայտարարեց, որ պէտք է ամուր կանգնիլ, ըլլալ համբերատար ու պատրաստ՝ վճռական գործողութիւններու։ «Մեր շարժման վճռական օրերը տակաւին առջեւն են», ըսաւ ան։ Այսօր ալ ընդդիմութիւնը յետմիջօրէին հերթական հանրահաւաքը նախատեսած է Երեւանի մէջ։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը երկրի քաղաքացիներուն կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի միանան իրեն։ «Մեր պահանջը այլընտրանք չունի», կ՚ընդգծուի այդ կոչերուն մէջ։

Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան վերջին յայտարարութիւններով արդէն տարբեր հարթութեան մը վրայ եկած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան հրաժարականին ուղղուած հուժկու ալիքը։ Բազում շրջանակներ համերաշխութիւն կը յայտնեն այդ յայտարարութեան եւ զանազան ոլորտներէ ազդու գործիչներ կը տեղեկացնեն, որ կը միանան այդ մէկուն։ Երկրի մամուլն ալ, բնականաբար, ողողուած է առկայ տագնապալի կացութեան վերաբերեալ բազում մեկնաբանութիւններով։ Այս ամբողջին մէջ ալ քննադատութիւններ կը հասցէագրուին իշխանութիւններուն։ Ըստ որոշ մեկնաբաններու, ներկայիս գործնականօրէն Նիկոլ Փաշինեանի «կողմնակիցները» ժողովուրդ կը համարուին, իսկ մնացեալը՝ ոչ։ Անոնք հարց կու տան, թէ ի վերջոյ ո՞րն է ժողովուրդը եւ ինչո՞ւ անընդհատ կը շահարկուի անոր անունը։ Նիկոլ Փաշինեանի տրամաբանութեամբ, ժողովուրդ չեն համարուիր բանակի զօրահրամանատարները, կաթողիկոսները, նախկին նախագահները, գիտնականները, դասախօսները, մշակոյթի եւ արուեստի այն բոլոր գործիչները, որոնք կառավարութեան հրաժարականը կը պահանջեն։ Ան կը կարծէ, թէ ընդդիմութեան հանրահաւաքներու մասնակիցները ժողովուրդի կարծիքը չեն ներկայացներ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ քաղաքական մեկնաբաններ կը քննադատեն, որ իշխանութիւնները քաղաքացիներուն մէկ մասը կը համարեն ժողովուրդ, իսկ միւս մասի կարծիքին հետ հաշուի չեն նստիր։ Հայաստանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ վառ օրինակ մը՝ ժողովուրդ հասկացութիւնը քաղաքական շահարկումներու առարկայ դարձնելու տեսակէտէ։

Բաց աստի, մեկնաբաններ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն նաեւ այլ խնդիրներու վրայ։ Նոյն ծիրին մէջ կ՚ընդգծուի, որ այժմու իշխանութիւնը աշխարհի վրայ Հայաստանի իրաւունքներու պաշտպանութեան միջոցները, գործիքակազմը կ՚ոչնչացնէ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանն ալ երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած գրառման մէջ քննադատեց ընդդիմութեան հանրահաւաքին ժամանակ ի յայտ եկած դրուագ մը։ Այսպէս, ան անընդունելի նկատեց հանրահաւաքի ժամանակ վարչապետի մահապատիժի ենթարկուելու բեմականացումը՝ մանաւանդ, որ այդ պահերը ուղիղ եթերով կը տեսասփռուէին։

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2021