ԵԼՔԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայիս խորհրդակցութիւններու նոր շարք մը կ՚իրականացնէ՝ առկայ քաղաքական խոր տագնապէն ելքի ճանապարհներ որոնելու առաջադրութեամբ։ Նախագահ Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի աւարտէն վերջ ալ նման խորհրդակցութիւններու շարք մը կատարած էր եւ հրապարակած՝ իր տեսակէտը, ըստ որու արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ պէտք է տեղի ունենան Հայաստանի մէջ։

Ամիսներէ ի վեր կառավարութեան որդեգրած ընթացքը կը խոչընդոտէ այդ տրամաբանական ելքը՝ մինչ երկրի մատնուած փակուղին ալ կը խորանայ անխուսափելիօրէն եւ վտանգաւոր թափով։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Արմէն Սարգսեան ձեռնարկած է խորհրդակցութիւններու նոր շարքի մը։ Այսպէս, երէկ, ան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի, խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արման Աբովեանի, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի հետ։ Այս հանդիպումներուն ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան երկրէն ներս ստեղծուած տագնապալի կացութեան շուրջ, քննարկուեցան լարուածութեան թուլացման եւ իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման ուղիներուն վերաբերեալ հարցեր։ Խորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց մօտեցումներն ու տեսակէտները։

Արմէն Սարգսեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» խմբաւորման ներկայացուցիչներուն հետ։ Սա արդէն, ըստ էութեան, արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերու խմբաւորումն է։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան, «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն Վահրամ Պաղտասարեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն Արծուիկ Մինասեան Արմէն Սարգսեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին ներկայացուցին իրենց պահանջներն ու տեսակէտները։

Նախագահ Սարգսեանի երէկուան կարեւորագոյն հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի հետ։ Հայաստանի բանակին կողմէ կառավարութեան հրաժարականի պահանջէն վերջ, վարչապետը հրամանագիր ստորագրած է զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման համար։ Արմէն Սարգսեան առայժմ ձեռնպահ կը մնայ այդ հրամանագիրը վաւերացնելէ։ Այս խնդիրը քաղաքական տագնապի պայմաններով այժմ հանգուցային նշանակութիւն ունի։ Արմէն Սարգսեան զօրավար Օննիկ Գասպարեանին հետ տեսակցած է՝ այցելելով ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւն։ Պաշտօնական աղբիւրները ոչինչ հաղորդած են այս զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։

Այս առաւօտ ալ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալեց Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանը։ Քննարկուեցան գերիներու վերադարձի, սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներու իրաւունքներուն վերաբերեալ հարցեր։ Այս խնդիրներու պարագային Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ձեռք առնուած միջոցներու անարդիւնաւէտութիւնը կարեւոր ազդակ մը կը հանդիսանայ՝ ներքին քաղաքական տագնապը խորացնելու տեսակէտէ։

Արման Թաթոյեան երէկ ալ ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառման մէջ մտահոգիչ նկատած էր, որ երկրի խորհրդարանէն ներս օրակարգային արդիական հարցերը քննարկման չեն արժանանար։

Միջազգային բեմահարթակի վրայ ալ Հայաստանի իրադարձութիւններուն նկատմամբ ուշադրութիւնը կը շարունակուի եւ միշտ զսպուածութեան կոչեր կ՚ուղղուին կողմերուն։

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2021