ԷՐՏՈՂԱՆՆ ԱԼ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ անդրադարձաւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն։ Անգարայի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր նախընթաց օր անմիջապէս արձագանգած էին Երեւանի լարուածութիւններուն, իսկ երէկ այդ կապակցութեամբ արդէն խօսեցաւ նաեւ նախագահ Էրտողան՝ ուրբաթի աղօթքէ արձակուելու ժամանակ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելով։

«Մենք ռազմական յեղաշրջման ամէն տեսակին դէմ ենք։ Անկարելի է, որ ընդունինք ռազմական յեղաշրջումները։ Զինուորի շրջանառութեան մէջ մտնելով ռազմական յեղաշրջման թմբկահարումը անթոյլատրելի է։ Ամբողջ խնդիրը այն է, որ եթէ ղեկավարութեան փոփոխութեան մը պիտի ձեռնարկուի, ապա այդ բանը Հայաստանի ժողովուրդը կ՚ընէ», ըսաւ Էրտողան այս կապակցութեամբ։

Հայաստանեան մամուլն ալ լայնօրէն կ՚արձագանգէ Անգարայի կողմէ արտայայտուած վերաբերմունքին՝ երկրի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն շուրջ։ Թերթերը նաեւ տեղ տուած են Ռուսաստանի պետական տումայի երեսփոխաններէն Կոնստանդին Զաթուլինի մեկնաբանութեան, ըստ որու Թուրքիա շահագրգռուած է, որ Նիկոլ Փաշինեան մնայ իշխանութեան գլուխ։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժնի պետ Ֆահրետտին Ալթուն երէկ անդրադարձաւ Խոճալուի դէպքերու տարելիցին։ Իր խօսքով՝ Խոճալուի սպանդի հաշիւը պիտի պահանջուի իրաւունքի առջեւ։ Ֆահրետտին Ալթուն նշեց, որ 1992 թուականին հայկական զօրքերը Խոճալուի մէջ էթնիք մաքրագործում կատարելու նպատակը կը հետապնդէին։

«Խոճալուի սպանդը կը պախարակեմ եւ զոհերուն համար Աստուծմէ կը հայցեմ հոգւոյ հանգստութիւն», նշած է Ֆահրետտին Ալթուն։

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2021