ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ ՈՐՈՇԵՑ ԼՔԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ՃԱՏՐԱԿԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ

Հայաստանի տագնապալի առկայ իրավիճակին մէջ, երէկ, շատ յուզիչ իրադարձութիւն մը արձագանգ գտաւ հանրային կարծիքին մօտ։ Այսպէս, ճատրակի ախոյեան Լեւոն Արոնեան տեղեկացուց, որ կը լքէ երկիրը։

«Մէկ տարիէ աւելի ներկայ կառավարութեան խոստումներու իրագործման սպասելէ յետոյ հասկցայ՝ ստիպուած եմ կայացնել բեկումնային որոշում եւ հեռանալ հարազատ երկրէն», ընկերային ցանցերու վրայ գրեց Լեւոն Արոնեան։

Ըստ իրեն, անցեալ տարին չափազանց ծանր էր համաճարակի եւ պատերազմի հետեւանքով։ Արոնեանի պարագային անձնական դժբախտութիւն մըն ալ եղած է՝ իր կնոջ անժամանակ մահը։ Այս բոլորին վրայ եկած է աւելնալ պետութեան բացարձակ անտարբերութիւնը հայկական ճատրակին նկատմամբ։ «Ես յայտնուած եմ ընտրութեան առջեւ՝ թողնել կեանքիս գործը եւ կամ տեղափոխուիլ այնտեղ, ուր զիս կը գնահատեն», նշած է Լեւոն Արոնեան։ Արդարեւ, 2018 թուականի յեղափոխութենէն վերջ Հայաստանի այժմու կառավարութիւնը խոստացած էր շարունակել հայկական ճատրակը խրախուսելու գիծը։ Բայց եւ այնպէս, այդ խոստումը սահմանափակուեցաւ ընդամէնը տարուան մը մասնակի օժանդակութեամբ։ Սակայն աւելի վերջ այդ ալ դադրեցուեցաւ։ «Այդ ընթացքին ճատրակի ասպարէզ ներխուժեցին այդ մարզաձեւէն բացարձակ անտեղեակ նորաթուխ պետական գործիչներ, որոնք մեր յաջողութիւնները վերագրեցին իրենց, սկսան ինքնահաստատուիլ՝ նոյնիսկ շանթաժի միջոցաւ։ Անոնք յաջողեցան պառակտել տարիներով ձեւաւորուած ճատրակային համերաշխ ընտանիքը եւ ոլորտը վերածեցին քաոսի։ Իմ մտահոգութիւնները իրավիճակի վերաբերեալ բազմաթիւ անգամներ փորձած եմ ներկայացնել կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախկին նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի, ոլորտի այլ պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վարչապետին՝ այս երեք տարիներու ընթացքին իր հետ ունեցած իմ միակ հանդիպման ժամանակ, որու համար ան խստօրէն սահմանած էր 15 վայրկեան։ Ճատրակի ոլորտէ ներս առնուած կործանարար որոշումները կասեցնելու իմ բոլոր փորձերը տապալուեցան։ Ես այդպէս ալ չյաջողեցայ նոր կառավարութեան բացատրել, որ ճատրակը մեր երկրէն ներս մեծ ժառանգութիւն է եւ այս ոլորտի մեծ յաջողութիւնները, թերեւս, մեր երկրի ամենամեծ ձեռքբերումներն են։ Ես այդպէս ալ չկարողացայ անոնց փոխանցել այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ պետական աջակցութիւն կը խնդրեմ ոչ թէ անձիս համար, այլ՝ մեր յաջողութիւններով հայրենիքին ծառայելու եւ փառք բերելու հնարաւորութեան համար։ Հաւանական է, որ Հայաստան տասնամեակներ շարունակ չունենայ այդ բանը։ Պատասխանը եղաւ. «Մեր փորձագէտները համոզուած են, թէ Լեւոն Արոնեան այլեւս ներուժ չունի»։ Այս դատավճիռէն անմիջապէս յետոյ ես պարտութեան մատնեցի թէ՛ աշխարհի ախոյեանը եւ թէ աշխարհի թիւ երկու խաղացողը։ Տարիներ շարունակ ես զանազան երկիրներէ հանդէս գալու գրաւիչ առաջարկներ ստացած եմ։ Ես ամէն անգամ մերժումս կը հիմնաւորէի, որ իմ պետութեան կողմէ ճատրակի զարգացման համար կատարուածը անգնահատելի էր, որեւէ նիւթական արժէք չէր կրնար բաղդատուիլ այն յարգանքին հետ, զոր ճատրակը կը վայելէր Հայաստանի մէջ։ Համոզուած եմ, որ կ՚անցնի ժամանակ եւ ճատրակը Հայաստանի մէջ կը վերադառնայ իր կարգավիճակին։ Եւ փակուող ճատրակի դպրոցներու եւ հեռացած նուիրեալներու փոխարէն մենք կրկին կը տեսնենք յարգանք այս մարզաձեւին նկատմամբ, ուր մենք՝ որպէս ազգ եւ երկիր ունեցած ենք ու կը կարծեմ, տակաւին կ՚ունենանք մեր կայուն տեղը։ Իսկ մինչ այդ, կ՚ուզեմ անգամ մը եւս հաւաստիացնել, թէ բոլոր թելերով կապուած եմ հայրենիքիս եւ նոյնիսկ հեռուէն պիտի շարունակեմ կարելին ու անկարելին ընել իմ երկրին համար», նշուած է Լեւոն Արոնեանի հրաժեշտի խօսքին մէջ։

Հարկ է նշել, որ այս յայտարարութենէն վերջ այժմու նախարարը Լեւոն Արոնեանին կոչ ուղղած է յետսկոչել իր որոշումը։

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2021