ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ «ԱՈՒՐԱՆ»

… Իմ զրուցակիցներուն աւելի քիչ կը հետաքրքրէ վերջին պատերազմին կրած դաժան պարտութիւնը, անոնց կը յուզէ. կը մնա՞յ Փաշինեանը իր աթոռին, թէ ոչ։ Այսինքն՝ «պա Սերժի ժամանակ…», «պա որ նախնիները կը թալանէին…» քարոզչական փաստարկը այնքան զօրեղ է (առարկայական պատճառներով), որ անոր առջեւ «կը խամրի» այն աղէտը, որ պատահած է մեր երկրին ներկայ իշխանութիւններու օրով եւ անոնց մեղքով։

Ըստ «Marketing Professional Group» ընկերութեան հարցազրոյցին՝ Հայաստանի մէջ հարցուածներու 38.8 տոկոսը կը կարծէ, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է շարունակէ գլխաւորել կառավարութիւնը։ 43.6 տոկոսը կը համարէ, թէ ան պէտք է հրաժարական տայ։ Անկեղծօրէն խոստովանիմ, որ փողոցի մէջ զիս կը խօսեցնեն մարդիկ, որոնք կը մտնեն 38.8 տոկոսին մէջ եւ կ՚առաջնորդուին թաքսիի վարորդի վերոյիշեալ տրամաբանութեամբ։ 

Բայց քանի մը անգամ գրած եմ՝ ես որակը աւելի կը կարեւորեմ, քան քանակը։ Եւ այդ առումով յատկանշական էր հինգշաբթի օրուան Փաշինեանի աջակիցներուն հանրահաւաքը։ Ըստ իշխանամէտ հասարակական կազմակերպութիւններէն մէկու հաշուարկներուն՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած էր մօտաւորապէս 10 հազար հոգի։ Թող այդպէս ըլլայ։ Իսկ ո՞ր շերտը կը կազմէր հանրահաւաքի կորիզը՝ մարզպետները, դիւանակալները, պատգամաւորները եւ շահագրգռուած այլ անձերը հաշիւ չեն։

Կորիզը կը կազմէին հիմնականին մէջ իմ սերունդի մարդիկ, որոնք եկած էին «նախնիները պատժելու» ու «թաւիշին վերջ տալու» պահանջով։ Իսկ հիմա յիշեցէք, թէ 2018 թուականի գարնան ովքե՞ր կը ստեղծէին նոյն հրապարակի «աուրան»՝ պայծառ երիտասարդները (նաեւ իմ հարազատները), որոնք ոգեւորուած էին նոր Հայաստան կերտելու հեռանկարով։ Անոնց զգալի մասը կա՛մ անտարբեր դարձած են եւ կամ ալ աւելի վատ՝ ֆէյսպուքի վրայ կոչ կ՚ուղղեն վարչապետին հեռանալ (դարձեալ՝ եթէ գրական ձեւակերպենք)։ Բոլորի կարծիքը կարեւոր է՝ թէ՛ թաքսիի վարորդի, թէ՛ չանչեր ցոյց տուող տատիկի եւ թէ հիասթափուած երիտասարդի։ Բայց աւելի կարեւոր է, որ անոնք ապրին Հայաստանի մէջ, ապրին կողք կողքի։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Խմբագրական Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2021